ՎԱՂԸ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ, ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ, ԻՐԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Սուրիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու հանդիպումը 15-16 մարտին տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ։ Վաղուան բանակցութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման տեսակէտէ։ Անգարա-Դամասկոս առանցքի որոնումները ներկայիս յառաջ կը տարուին քառակողմանի ձեւաչափով՝ Մոսկուայի եւ Թեհրանի ալ մասնակցութեամբ։ Ըստ էութեան, այս փուլին նախատեսուած շփումները Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման երկրորդ փուլը պիտի բնորոշեն։
Փոխ-նախարարներու վաղուան հանդիպումը ունի՝ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նախատեսուած հանդիպման նախապատրաստական բնոյթը։ Աւելի առաջ, անցեալ տարեվերջին, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան Մոսկուայի մէջ հանդիպած էին իրենց Սուրիոյ պաշտօնակիցներուն հետ։ Հիմա ալ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Սուրիոյ իր պաշտօնակցին հետ մէկտեղուելու ճանապարհին վրայ է։
Մոսկուայի մէջ նախատեսուած ժողովներուն ընդառաջ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ նաեւ ուրիշ հանգամանք մը։ Արդարեւ, վերջին օրերուն կը սպասուի Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի Ռուսաստան այցելութիւնը։ Հիմա մտահոգութեան առարկայ է այն հանգամանքը, թէ արդեօք այս քառակողմանի բանակցութիւններուն հետ կը համընկնի՞ Պեշար Էսատի Մոսկուա այցելութիւնը, թէ ոչ։ Մօտաւորապէս երեք շաբաթ առաջ Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդած էին, որ Էսատ մարտի կէսերուն պիտի ըլլայ Մոսկուայի մէջ։ Մինչ վաղուան քառակողմանի բանակցութիւններուն համար պատրաստութիւնները կը շարունակուին, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով պատասխանեց Էսատի Ռուսաստան այցելութեան ժամկէտին վերաբերեալ հարցումներու։ Բանբերը նշեց, թէ այդ այցելութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնը պիտի կատարուի ճիշդ ժամանակին։
Թուրքիան ցնցած իրերայաջորդ երկրաշարժները մարդասիրական լուրջ տագնապի եւ ծանր հետեւանքներու պատճառ դարձած են նաեւ Սուրիոյ հիւսիսին։ Նկատի ունենալով, որ Արեւմուտքի պատժամիջոցներուն ենթակայ է Սուրիոյ վարչախումբը՝ դէպի Հալէպ ու մերձակայքը մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու միակ ճանապարհը Թուրքիան է։ Դամասկոսի ղեկավարութեան ելմտական աջակցութիւն ապահովելիք միակ կողմն ալ Մոսկուան ըլլալ կը թուի։ Այս շրջանին Սուրիա յաւելեալ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ նաեւ այն պատճառով, որ Իրան հեղուկ վառելանիւթի աջակցութիւնը դադրեցուցած է։ Այս բոլորի լոյսին տակ Պեշար Էսատի վարչախումբը կը ձգտի տարածաշրջանէն ներս հասնիլ բնականոնացման։
Կը հաղորդուի, որ Մոսկուայի վաղուան բանակցութիւններուն ընթացքին թրքական պատուիրակութեան գլուխը պիտի գտնուի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պուրաք Աքչափար։ Ռուսական կողմի ներկայացուցիչները պիտի գլխաւորէ՝ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Պոկտանով։ Իրանի պատուիրակութեան գլուխը պիտի գտնուի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական գործերու գծով խորհրդական Ալի Ասկար Հաճը։ Սուրիոյ պատուիրակութիւնն ալ պիտի գլխաւորէ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Էյմէն Սուսան։ Վաղուան բանակցութիւններուն ժամանակ կատարուելիք պատրաստութիւններուն ի շարունակութիւն՝ այս չորս երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն մէկտեղուիլը կը նախատեսուի։