ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՍՏԱՆԱ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վաղը պաշտօնական այցելութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Աստանա, Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հրաւէրին ընդառաջ։ Երկու ղեկավարներուն գլխաւորութեամբ Աստանայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիա-Ղազախիստան Բարձր մակարդակի ռազմական համագործակցութեան խորհուրդին երկրորդ ժողովը։ Երկու երկիրներուն պատկան նախարարները մասնակցութիւն պիտի բերեն բանակցութիւններուն, որոնց ընթացքին երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը խոշորացոյցի տակ պիտի առնուի բոլոր երեսակներով։ Թուրքիոյ եւ Ղազախիստանի ռազմավարական գործընկերութեան նոր թափ մը տալու որոնումներուն մէջ են երկու կողմերը։ Անգարայի եւ Աստանայի ղեկավարութիւնները կարծիքի փոխանակումներ պիտի իրականացնեն նաեւ տարածքաշրջանային բնոյթով նիւթերու շուրջ։
Աստանայի մէջ նախատեսուած է նաեւ Թուր-քիա-Ղազախիստան գործարար ֆորումը։ Երկու երկիրներու առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման առումով կարեւորութիւն կը ներկայացնէ գործա-րարներու այս հաւաքը։
Մինչեւ Ապրիլի 17-ը պիտի շարունակուի Էրտողանի ուղեւորութիւնը, որու վերջին օրը ան պիտի անցնի Թրքաստան, ուր Թուրքիոյ Կրօնից տեսչութեան ջանքերով կառուցուած է «Խոճա Ահմէտ Եէսեւի» մզկիթը։ Էրտողան պիտի մասնակցի այս մզկիթին եւ յարակից համալիրին պաշտօնական բացման արարողութեան։ Տեղւոյն համանուն համալսարանին կողմէ այս առթիւ իրեն պիտի շնորհուի պատուակալ տոքթորի կոչում։ Նոյն շրջանէն ներս հանրապետութեան նախագահը պիտի այցելէ նաեւ թաղամաս մը, ուր կը բնակին ախզքացի (Ախալցքա) թուրքերը։
Դէպի Ղազախիստան այցելութեան ընթացքին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին պիտի ուղեկցի բազմանդամ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս պիտի կազմեն նախարարներ, երեսփոխաններ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ գործարարներ։