ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

2015-ի տա­րե­լի­ցին շրջագ­ծով Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հրա­տա­րա­կուե­ցան տասն­հինգ գիր­քեր։ 100-րդ տա­րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րուն շրջագ­ծէն ներս, ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս գիր­քե­րուն շնոր­հան­դէ­սը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, գի­նե­ձօ­նի ժա­մա­նակ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ դի­տել տուաւ, թէ ի­րենք ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մշա­կած են Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի շարք մը գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն կամ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հետ։

Շնոր­հան­դէ­սի ա­տե­նա­խօս­նե­րու շար­քին էին գիտ­նա­կան­ներ եւ պե­տա­կան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2015