ԿԱՐԾԻՔԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ շաբաթավերջին հայկական հարցին շուրջ կատարուած յայտարարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Ծանօթ է, որ Վատիկանի մէջ, Ս. Պետրոսի տաճարէն ներս մատուցուած Ս. Պատարագին ընթացքին Սրբազան Պապը 1915 թուականի դէպքերուն տուած էր ցեղասպանութեան որակումը, ինչ որ ռումբի ազդեցութիւն գործեց միջազգային օրակարգի վրայ ու միեւնոյն ժամանակ տեղի տուաւ Թուրքիոյ զայրոյթին։ Մինչ Անգարայէն բարձրացաւ բողոքի բուռն ձայն մը, Սրբազան Քահանայապետը երէկ վերստին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ «Անատոլու» եւ «Տողան» գործակալութիւններու հաղորդումներով, Քահանայապետը երէկուան յայտարարութիւններով վերահաստատեց շաբաթավերջի իր մօտեցումները։ Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետը ըսաւ. «Անկարելի է, որ լռութիւն պահենք մեր տեսածներուն եւ լսածներուն շուրջ»։ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին Սրբազան Պապը նշած է նաեւ, թէ իրերը պէտք է կոչել իրենց իսկ անունով։
Այս մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ կողմէ Սուրբ Աթոռին դէմ բարձրացուած բողոքի ձայնին բերումով յայտարարութիւններ կատարուեցան նաեւ Իտալիոյ կողմէ։ Ծանօթ է, որ Սրբազան Պապը նշած էր, որ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը գոր-ծըւած է հայոց դէմ։ Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Փաոլօ Ճենթիլոնի դիտել տուաւ, թէ անարդար է Թուրքիան, որ յայտարարութիւններ կ՚ընէ Սրբազան Պապին դէմ։ «Եթէ հաշուի առնենք, որ տասնհինգ տարի առաջ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապն ալ ունեցած է նման արտայայտութիւններ, ապա արդար ըլլալ չեն թուիր թուրքերու խիստ յայտարարութիւնները», ըսաւ իտալացի նախարարը եւ աւելցուց, թէ ցեղասպանութեան հարցին շուրջ Իտալիա մշտապէս երկխօսութեան մէջ ըլլալու կը հրաւիրէ իր երկու բարեկամները՝ Հայաստանն ու Թուրքիան, որպէսզի աւելի նուազ լարուած նիւթերու շուրջ խօսելով յաղթահարեն այս արգելքը։
Հռոմի ղեկավարութեան կողմէ նոյն հարցին առընչութեամբ տեսակէտ յայտնեց նաեւ Իտալիոյ վարչապետութեան Եւրոմիութեան քաղաքականութիւններու գծով խորհրդական Սանտրօ Կոզի։ Վերոյիշեալ աղբիւրները այս վերջնոյն խօսքերուն լոյսին տակ կ՚ընդգծեն, որ Հռոմի կողմէ արտայայտուած մօտեցումներուն մէջ կան տարբերութիւններ։ Արդարեւ, Սանտրօ Կոզի համոզուած է, թէ 1915 թուականի դէպքերուն առընչութեամբ Իտալիոյ կառավարութեան կողմէ պաշտօնական դիրքորոշումի մը որդեգրուիլը անյարմար է։ «LA7» իտալական հեռուստակայանին մօտ ծրագրի մը մասնակցելու ժամանակ ան մեկնաբանած է Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետին խօսքերը։ Ըստ Սանտրօ Կոզիի այս նիւթին առընչութեամբ չկայ պաշտօնական տեսակէտ արտայայտած կառավարութիւն մը։ Սա պատմաբաններուն գործն է։ Այդ նիւթին նախաձեռնարկ եղած կառավարութիւն մը չկայ Եւրոպայի մէջ։ «Եւրոպական խորհրդարանները յայտնեցին իրենց տեսակէտները, սակայն ոչ կառավարութիւնները։ Անձնապէս համոզուած եմ, որ պատահած է այս բանը, սակայն այդ մէկուն յստակեցումը ոչ թէ քաղաքական գործիչներուն, այլ պատմաբաններուն գործն է։ Ըստ իս, կառավարութիւն մը պէտք չէ օգտագործէ «ցեղասպանութիւն» բառը։ Իմ համոզմամբ անյարմար է, որ կառավարութիւն մը այս նիւթին վրայով պաշտօնական դիրքորոշում մը որդեգրէ։ Եթէ մենք կը զբաղինք քաղաքականութեամբ, ապա համոզուած ենք, որ աւելի տեղին է կեդրոնանալ Թուրքիոյ առկայ խնդիրներուն վրայ», ըսաւ Կոզի եւ աւելցուց, թէ իրենք կը հետաքրքրուին Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեամբ, մարդու իրաւունքերով եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներով։
Սրբազան Պապի յայտարարութիւններէն վերջ այժմ հայկական հարցին շուրջ միջազգային գետնի վրայ կը սպասուին նաեւ այլ իրադարձութիւններու։ Եւրոխորհրդարանի մօտ վաղը օրակարգի վրայ պիտի գայ այս խնդիրը, իսկ Ապրիլի 24-ին Գերմանիոյ խորհրդարանէն ներս նախատեսուած են մասնաւոր լսումներ 100-րդ տարելիցին առթիւ։