ՊՐԱՍԷՕՐԻ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ
Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Անն Պրասէօր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր օրուան ընթացքին մէկտեղուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Անն Պրասէօր Երեւանի մէջ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման միակ ուղին կը համարուի երկխօսութիւնը։ Իր կարգին, Եդուարդ Նալպանտեանն ալ անհրաժեշտ համարեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափին զուգահեռ կառոյցներ ստեղծելէ զերծ մնալը։
Եդուարդ Նալպանտեան Անն Պրա-սէօրի հետ զրուցելու ժամանակ ներկա-յացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ ձեռնարկուած ջանքերը։ Այս ամբողջին մէջ ան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մասին զեկոյց մը պատրաստելու ԵԽԽՎ-ի որոշմամբ։ Ըստ իրեն, զերծ պէտք է մնալ նոր զուգահեռ կառոյցներ, ձեւաչափեր կամ աշխատանքային խումբեր ստեղծելէ, որովհետեւ անոնց աշխատանքը կրնայ վնաս հասցնել եռանախագահներու գործունէութեան։ Ուստի, պէտք է զերծ մնալ այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան վնաս հասցնել ընդհանրապէս բանակցային գործընթացին։
«Սա կը վերաբերի յատկապէս այն կարգի զեկուցողներուն, որոնց նկատմամբ կողմերէն մէկը, տուեալ պարագային Ատրպէյճան, ամենաբարձր մակարդակով անվերջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ՝ Պաքուի դիրքորոշման շարունակական աջակցութեան համար», ըսաւ Նալպանտեան։