ՔԱՆՅԷ ՈՒԵՍՏ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ա­մե­րի­կա­հայ հե­ռուս­տաաստղ Քիմ Քար­տա­շեա­նի եւ ըն­տա­նի­քին Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ար­ժա­նա­նալ ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Շա­բա­թա­վեր­ջին Քիմ Քար­տա­շեա­նի եւ հա­րա­զատ­նե­րուն շրջայ­ցին հա­մա­հա­ւա­սար հե­տաքրքրու­թիւն ստեղ­ծեց նաեւ ա­մուս­նոյն՝ ռեփ ե­րաժշ­տու­թեան յայտ­նի աստղ Քան­յէ Ո­ւես­տի ե­լոյ­թը։ Բազ­միցս Կրեմ­միի մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր դար­ձած Քան­յէ Ո­ւեստ հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կաւ Օ­փե­րա­յի յա­րա­կից տա­րած­քէն ներս։ Կա­րա­պի լի­ճին շուրջ հա­ւա­քուած հա­զա­րա­ւոր ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը վառ հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան Քան­յէ Ո­ւես­տի եր­գե­րուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2015