ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՍ ՊԱՊԸ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԽՂՃԻՆ ԱՆՈՒՆՈՎ ՊԱՏԳԱՄԵՑ. «ՊԷՏՔ Է ԲՈՒԺԵՆՔ ԲՈԼՈՐ ՎԷՐՔԵՐԸ»

Հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ Վա­տի­կա­նէն հնչած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն զբա­ղեց­նել օ­րա­կար­գը։ Շա­բա­թա­վեր­ջին Ս. ­Պետ­­րո­­սի տա­ճա­րին մէջ մա­տու­ցուած Ս. ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնուած է նաեւ լի­բա­նա­նա­հայ բա­նաս­տեղծ Սա­գօ Ա­րեան, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած է Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ո­րոշ չա­փով կը բիւ­րե­ղաց­նեն հայ­կա­կան կող­մի տրա­մադ­րու­թիւն­­նե­րը՝ Ս.­ Ա­թո­ռի որ­դեգ­րած դիր­քի լոյ­սին տակ։ Ստո­րեւ ո­րոշ յա­պա­ւում­նե­րով կը ներ­կա­յաց­նենք Վա­տի­կա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ իր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը։

12 Ապ­րիլ 2015-ը ոս­կի տա­ռե­րով ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ: Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պին կող­մէ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գին մա­սին դեռ եր­կար պի­տի խօ­սուի: Քրիս­տո­նէու­թեան հա­ւատ­քին վէ­մը դար­ձած Պետ­րոս ա­ռա­քեա­լի մա­սունք­նե­րուն վրայ հիմ­նադ­րուած տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած պա­տա­րա­գը ի մի խմբեց հայ ժո­ղո­վուր­դին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ իր տար­բեր թե­ւե­րով եւ ե­րանգ­նե­րով: Կա­րե­ւոր էր նաեւ Սրբա­զան Պա­պին ար­տա­սա­նած պատ­գա­մը ու ա­նոր խօս­քը ու­ժա­նա­կի պայ­թու­մի մը պէս լսե­լի կը դառ­նար աշ­խար­հի չորս կող­մը: Եւ­րո­պա­կան յա­ռա­ջա­տար թեր­թե­րը ի­րենց կայ­քե­րուն մէջ կա­րե­ւոր տեղ կու­ տա­յին լու­րին, իսկ ֆրան­սա­կան «AFP» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը հա­ւա­նական կը նկա­տէր, որ Վա­տի­կան-Թուր­քիա դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը լա­րուին: Այս­տեղ պէտք է յի­շեց­նել, որ ա­ռա­ջին ան­գա­մ չէր, որ Հռո­մի քա­հա­նա­յա­պետ մը կը խօ­սէր Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան խնդրին մա­սին: Պէտք է նաեւ կա­րե­ւո­րել Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րա­նա­ւէտ հայ­րե­րէն՝ Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ կո­չու­մին ար­ժա­նա­նա­լը:

Այս բո­լո­րը զու­գա­դի­պու­թեան մը ար­դիւն­քը չեն: Անց­նող տա­րի­նե­րուն Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ար­ձա­նագ­րուող զար­գա­ցում­նե­րը, նաեւ Սու­րիոյ ու Ի­րա­քի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նու­թիւ­նե­րուն կրած տա­ռա­պանք­նե­րը դար­ձած են Վա­տի­կա­նի մտա­հո­գու­թեանց գլխա­ւոր կի­զա­կէ­տը: Այս ընդ­հա­նուր պա­րու­նա­կին մէջ պէտք է դի­տար­կել Պա­պա­կան Ա­թո­ռին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը:

Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին ը­րած յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս վերջ Թուր­քիա հա­կա­դար­ձեց: Թուր­քիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը իր մօտ հրա­ւի­րեց Ան­գա­րա­յի մօտ Վա­տի­կա­նի դես­պա­նը: Ա­ւե­լի վերջ Թուր­քիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը բա­ւա­կան խիստ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րե­լով նաեւ տուն կան­չեց Վա­տի­կա­նի մօտ իր դես­պա­նը: Թրքա­կան լրա­տուա­կան մի­ջոց­ներ նաեւ կը խօ­սին, որ երկ­րի քա­ղա­քա­կան վեր­նա­խա­ւին մօտ բա­ւա­կան տհաճ մթնո­լորտ մը կը տի­րէ եւ կ­­՚ը­սուի, որ Սրբա­զան Պա­պին կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը անս­պա­սե­լի էր: Չմոռ­նամ ը­սե­լու, որ Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պը 2014 թուա­կա­նին այ­ցե­լու­թիւն մը տուած էր Ան­գա­րա եւ բա­ւա­կան ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան ար­ժա­նա­ցած՝ Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ու մա­նա­ւանդ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ:

 Վա­տի­կա­նեան պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին բա­ցի Հռո­մի Պա­պէն, նոյն­պէս ու­ղերձ­ներ յղե­ցին­ Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պետ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սը,  Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ներ­սէս Պետ­րոս ԺԹ. ­Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիար­քը: Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը իր խօս­քով բա­ցի շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լէ նշեց, որ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար հան­դեր­ձանք չէ, այլ դար­ձած է ա­նոր էու­թեան կա­րե­ւոր մաս­նի­կը: Գա­րե­գին Բ. ­Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը յոյս յայտ­նեց նաեւ, որ Վա­տի­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան թե­մա­յին հետ ա­ղերս ու­նե­ցող բո­լոր ար­խիւ­նե­րը կը բա­նայ հան­րու­թեան առ­ջեւ:

Իր կար­գին, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոսն ալ կա­րե­ւո­րեց Հռո­մի Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ. Պա­պին Օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն յղած խստաոճ բո­ղո­քի նա­մա­կը Ա. աշ­խա­րհ­­ա­մար­տի օ­րե­րուն: Այդ նա­մա­կին մի­ջո­ցաւ Հռո­մի այդ շրջա­նի պա­պը կը պա­հան­ջէր ա­րա­գօ­րէն վերջ տալ սպանդ­նե­րուն։ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը ը­սաւ նաեւ, որ ա­նար­դա­րու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ դէմ ուղ­ղուած քայլ է եւ հաս­տա­տեց, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը ան­կա­րե­լի է թաքց­նել:

Վա­տի­կա­նի խօս­քը աշ­խար­հի 1.3 մի­լիառ կա­թո­ղի­կէ քրիս­տո­նեա­նե­րուն հա­մար յա­ճախ շատ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է, քան ի­րենց սե­փա­կան ղե­կա­վար­նե­րուն ո­րե­ւէ պատ­գա­մը: Ու Սրբա­զան Պա­պի կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը պէտք է նաեւ ան­պայ­մա­նօ­րէն այս պրիս­մա­կէն դի­տել: Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րը շատ կա­րե­ւոր են, այն ի­մաս­տով, որ Եւ­րո­պա­յի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու հան­րա­յին կար­ծի­քնե­րը կրնան բարձ­րա­ձայն քննար­կել նոյն օ­րա­կար­գը: Պէտք է հա­ւա­տալ նաեւ, որ Վա­տի­կա­նի յղած պատ­գա­մը շատ ա­ւե­լի ազ­դու, ան­կեղծ եւ ան­մի­ջա­կան է, քան ո­րե­ւէ այլ ամ­պիո­նէ ար­ձա­կուած կոչ կամ ճա­նա­չում:

Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պը լա­ցէ եւ սու­գէ հրա­ժա­րե­լու կոչ ը­րաւ: Ան խօ­սե­ցաւ մարդ­կու­թեան վէր­քե­րուն մա­սին եւ այդ վէր­քե­րուն մէջ տե­ղադ­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դին վէր­քը: Խօ­սե­ցաւ վէր­քե­րու բուժ­ման կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին եւ յայտ­նեց, որ բուժ­ման ար­ժա­նի վէր­քը կը թա­րա­խո­տի, ե­թէ վերջ­նա­կան բու­ժու­մի չար­ժա­նա­նայ: Սրբա­զան Պա­պին հա­մար քրիս­տո­նեայ ըմբռ­նում­նե­րով ապ­րո­ղը պէտք է մին­չեւ վերջ պայ­քա­րի չա­րին դէմ: Այս պատ­գամ­նե­րուն մէջ պէտք է նաեւ նկա­տել Մի­ջին Ա­րե­ւե­լքի քրիս­տո­նեա­նե­րուն պաշտ­պան­ման խնդրին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Ա­րե­ւել­քի ղե­կա­վար­նե­րը, ոչ-ծա­յրա­յե­ղա­կան իս­լամ­նե­րն ալ կա­րե­ւոր ը­նե­լիք ու­նին այս գոր­ծը­նթաց­նե­րուն մէջ ու ա­նոնք եւս պէտք է լսեն Սրբա­զան Պա­պին խօս­քը:

Թուր­քիոյ մէջ կա­տա­րուող զար­գա­ցում­նե­րը կը խօ­սին Սրբա­զան Պա­պի խօս­քին ու­ժա­նա­կա­նու­թեան մա­սին: Ան­գա­րա այս հանգ­րուա­նին չի պատ­րաս­տուիր իր լե­զուն կամ ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը փո­խել, բայց եւ այն­պէս այս անս­պա­սե­լի ե­րե­ւոյ­թը կրնայ Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մար նոր մտո­րում­նե­րու ա­ռիթ հան­դի­սա­նալ: Վա­տի­կան յա­նուն ճշմար­տու­թեան ար­ձա­գան­գեց եւ ա­նոր կա­տա­րած քայ­լը միայն հա­յու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի շա­հե­րուն հա­մար չէ, այլ յա­նուն ճշմա­րի­տին, յա­նուն ար­դա­րին եւ յա­նուն մարդ­կու­թեան վէր­քե­րու բուժ­ման:

Վա­տի­կան շար­ժե­ցաւ խի­զա­խօ­րէն ա­ռանց մտա­ծե­լու դէպ­քին հե­տե­ւանք­նե­րը: Այս պա­հուն դի­ւան­ա­գի­տա­կան պայ­թու­մը գտաւ իր ար­ձա­գանգ­նե­րը եւ դես­պան քա­շել կամ չքա­շե­լու խնդի­րը այդ­քան ալ կա­րե­ւոր չէ:

Կը մնայ սպա­սել յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րու զար­գա­ցում­նե­րուն՝ գիտ­նա­լով նաեւ, որ Վա­տի­կա­նի քաջ հո­վի­ւը քա­ղա­քա­կան ա­ռեւ­տու­րի օ­րէնք­նե­րով շար­ժող մէ­կը չէ: Ան ճշմար­տու­թեան ձայնն է: Մարդ­կու­թեան ա­մե­նէն վեհ ձայ­նե­րէն մէ­կը: Ա­նոր խօս­քին ար­ձա­գան­գը ա­ւե­լի խոր­քա­յին շեր­տե­րու հաս­նե­լու նե­րուժ ու­նի:

 «Եւ­րո­պա­յի խիղ­ճը, այ­սօ­րուան մարդ­կու­թեան խիղ­ճը ար­տա­սա­նեց, այն ինչ որ կ՚ու­զէինք լսել: Մեր սրտե­րը վի­րա­ւոր են: Մե­զի հա­մար կա­րե­ւոր էր նաեւ, որ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը ու­զեց մեր ժո­ղո­վուր­դի կող­քին ըլ­լալ», նշեց Հայ Կա­թո­ղի­կէ կղե­րէն Հ. Վար­դան Վար­դա­պետ Գա­զան­ճեան, որ եւս հա­մո­զուած է, թէ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին եւ ա­նոր պաշ­տօ­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թեան Ս. Պա­տա­րա­գին ներ­կայ ըլ­լա­լը ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը ուղ­ղա­կիօ­րէն քա­ղա­քա­կան բե­մա­հար­թակ փո­խադ­րեց:

Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պին այս կե­ցուած­քը քաջ եւ կա­րե­ւոր կե­ցուածք­նե­րու նոր հանգ­րուա­նի մը սկիզ­բը կրնայ հան­դի­սա­նայ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ​
Հռոմ-Վա­տի­կան

 

 

 

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2015