ԱՌԱՏԱՁԵՌՆ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՓՌԱՊԱՆԸ
Ֆրանսայի Տոլ քաղաքի բնակիչը իր հիմնած հացի փուռը 1 եւրոյով վաճառած է տեղւոյն անօթեւաններէն մէկուն։ 2015 թուականին փուռին տէրը՝ Միշէլ Ֆլաման, թունաւորուելով ածխաթթուէ, հազիւ փրկուած է մահէն։ Այն ժամանակ Ֆլամանին օգնած է 37-ամեայ անօթեւան Ժերոմ Օկան, որ կանչած է փրկարարները՝ այդպէսով թոյլ չտալով, որ ան մահանայ:
Երբ ձեռնարկատէրը դուրս եկած է հիւանդանոցէն՝ ի նշան երախտագիտութեան աշխատանքի ընդունած է անօթեւանը: Ֆլամանի խօսքով՝ Օկան շատ շուտ հմտացած է այս աշխատանքին մէջ ու լաւ կատարած է իր պարտականութիւնները: Վկայելով Օկանի յաջողութիւններուն՝ փռատէրը որոշած է իր վաճառատունը խորհրդանշական գինով վաճառել ընդունակ աշխատաւորին:
«Զիս գումարը չի հետաքրքրեր, այլ՝ ազատութիւնը։ Ես կ՚ուզեմ հանգստանալ, եւ ինչ պատճառ կայ չընելու համար այդ մէկը, եթէ այս ձեւով կ՚երջանկացնեմ նաեւ Ժերոմը»ը, ըսած է առատաձեռն ֆրանսացին։