ԱՒՍՏՐԱԼԻԱՑԻ ՕԴԱՉՈՒԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Etihad Airways օդային ընկերութեան չուերթներէն մէկուն ընթացքին օդաչուն անակնկալ որոշմամբ հրաժարած է օդ բարձրանալէ՝ հնարաւորութիւն տալով ուղեւորներու շարքին գտնուող տարեց զոյգին հասնիլ հիւանդանոցի մէջ մահամերձ պառկած իրենց թոռան։
Ըստ The Telegraph-ի, օդանաւի անձնակազմը կը պատրաստուէր Ապու Տապիէն ուղեւորուիլ դէպի Աւստրալիա, երբ տարեց զոյգը հաղորդագրութիւն մը ստացած է այն մասին, թէ իրենց թոռը տեղափոխուած է հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունքը:
Անոնք այս մասին անմիջապէս տեղեկացուցած են օդանաւի անձնակազմին, որմէ յետոյ աւստրալիացի օդաչուն թռիչքէն վայրկեաններ առաջ որոշած է օդ չբարձրանալ ու վերադարձած է թռիչքուղիի այն հատուածը, ուրկէ տարեց զոյգը կարողացած է իջնել օդանաւէն ու առնել իրենց ուղեբեռը:
Յայտնի է, որ մեծմայրն ու մեծհայրը օդանաւակայանէն ուղղուած են հիւանդանոց՝ տեսնելու համար իրենց թոռը, որ յաջորդ օրը մահացած է։
Etihad Airways օդային ընկերութեան ղեկավարութիւնը գովասանքի արժանացուցած է օդաչուն՝ իր կայացուցած տեղին որոշման համար: