ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան կա­րե­ւո­րեց Վրաս­տա­նի հետ գոր­ծա­րար կա­պե­րու խթա­նու­մը հա­մարկ­ման միա­ւո­րում­նե­րու եւ ա­զատ տնտե­սա­կան գօ­տի­նե­րու ծի­րին մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ տե­ղե­կա­տուու­թեան փորձա­գի­տու­թիւն­նե­րու ո­լորտ­նե­րէն ներս փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նա­կու­մը, ե­րի­տա­սար­դու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս փո­խա­դարձ ճա­նա­չե­լիու­թեան բարձ­րաց­ման ուղ­ղեալ նա­խագիծե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը։

Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէի Ե­րե­ւան կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այս առ­թիւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հեր­թա­կան ան­գամ շեշ­տեց Վրաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան եւ Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին թէ՛ երկ­կող­մա­նի եւ թէ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փե­րով տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ։ Ա­նոնք կա­րե­ւո­րե­ցին Ի­րան-Հա­յաս­տան սահ­մա­նին վրայ՝ Մեղ­րիի ա­զատ տնտե­սա­կան գօ­տիի ստեղ­ծու­մը, ինչ­պէս նաեւ յա­ռա­ջի­կա­յին Հա­յաս­տան-Վրաս­տան գոր­ծա­րա­րու­թեան օ­րե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը։ Կող­մե­րը հա­մա­կար­ծիք են, որ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը ար­դիւ­նա­ւէտ հար­թա­կի մը պի­տի վե­րա­ծուին՝ եր­րորդ եր­կիր­նե­րու շու­կա­ներ մուտք գոր­ծե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ծա­նօ­թա­նա­լու եւ զա­նոնք ա­ւե­լի հա­սա­նե­լի դարձ­նե­լու ա­ռու­մով։

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ալ Ճա­նե­լի­ծէի հետ անդ­րա­դար­ձաւ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, կանգ առ­նե­լով նաեւ Եւ­րո­միու­թեան հետ երկ­խօ­սու­թեան ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղեալ ծրագ­րե­րուն վրայ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2017