ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԻՇՔԷՔԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Խրղը­զիս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պիշ­քէք։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան Պիշ­քէ­քի մէջ կը մաս­նակ­ցի եր­կու ժո­ղով­նե­րու։ Ա­նոնց­մէ մին է՝ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵԱՏՄ) բարձ­րա­գոյն խոր­հուր­դի նիս­տը։ Բաց աս­տի, Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներն ալ ան­պաշ­տօն ձե­ւա­չա­փով հան­դի­պում մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն Պիշ­քէ­քի մէջ։

Սերժ Սարգ­սեան այս ժո­ղով­նե­րուն կը մաս­նակ­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Պիշ­քէ­քի մէջ Հայաստանի նախագահը կ՚ու­նե­նայ նաեւ շարք մը երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2017