ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
«Երեւան Մոլ» առեւտուրի եւ զուարճանքի համալիրէն ներս երէկ բացուեցաւ՝ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագրեալ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը։ Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը, որու բացումը պատուեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։ Այս ձառնարկը կազմակերպուեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ։ Աւանդական դարձած այս բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը արժանացաւ լայն հետաքրքրութեան։
Ձեռնարկի բացման ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան շրջայց մը կատարեց տաղաւարներով, ծանօթացաւ սուրիահայոց աշխատանքներուն, բարձր գնահատեց անոնց սպասարկման մշակումն ու մատուցման ոճը եւ հիացում արտայայտեց յատկապէս ձեռագործ աշխատանքներուն վերաբերեալ։
Այս առթիւ Հրանոյշ Յակոբեան զրոյց մըն ալ ունեցաւ լրագրողներուն հետ։ Ան մասնաւորապէս նշեց. «Անցեալ հինգ տարիներու ընթացքին երկրի ղեկավարութեան, կառավարութեան ծրագրերը ուղղուեցան այն նպատակին, որ սուրիահայերը հաստատուին, մնան ու արարեն Հայաստանի մէջ, համարկուին հասարակութեան։ Այս ցուցահանդէս-տօնավաճառները այս բանին վառ ապացոյցը կը հանդիսանան ու նպատակաուղղուած են նաեւ սուրիահայերու համարկման։ Յիսունէ աւելի անհատ ձեռներէցներ կամ փոքր գործարարութեան ներկայացուցիչներ այս պահուն իրենց արտադրանքը կը ցուցադրեն, կը վաճառեն, կը գտնեն գործընկերներ, կ՚ընդլայնեն գործարարութիւնը։ Համագործակցելով ՄԱԿ-ի Հայաստանի գրասենեակին, ՄԱԿ-ի արդիւնաբերական զարգացման կազմակերպութեան եւ Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան հետ՝ մենք կը փորձենք արագացնել սուրիահայերու տնտեսական համարկումը։ Իսկ ահա կրթական եւ ընկերային հիմնախնդիրները ամբողջութեամբ լուծուած են։ Չկայ ոլորտ մը, ուր սուրիահայերու համար դռները բաց չեն եւ չեն գտնուիր ուղիներ անոնց օգնելու համար»։