ԶԳԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ բացատրութիւններ տուաւ վերջին օրերուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներուն շուրջ՝ Սուրիոյ ճգնաժամին առընչութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան յայտնեց, որ իր երկու պաշտօնակիցներուն հետ կանգ առած է Սուրիոյ իրադարձութիւններուն վրայ։ «Ամերիկայի, Ռուսաստանի եւ միջազգային համախոհութեան բոլոր ուժերու զգայնութիւնը պահանջեցինք այս պարագային։ Մեր շփումները կը շարունակուին», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ վերջին իրադարձութիւններու հիման վրայ մթնոլորտը քիչ մը մեղմացած ըլլալ կը թուի։

Էրտողան երէկուան Ուրբաթի աղօթքէն վերջ պատասխանեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հարցումներուն։ Իր խօսքով՝ Թրամփի եւ Փութինի հետ քննարկած են, թէ ինչեր կարելի է ընել Սուրիայէ ներս խաղաղութեան ժամ առաջ հաստատման համար։ Ան շարունակեց. «Այս բոլորը քննարկելու ժամանակ յամառօրէն կանգ կ՚առնենք այն հանգամանքին վրայ, թէ տարածքաշրջանէ ներս ջուրերուն տաքնալը ճիշդ չէ։ Մասնաւորապէս վերջին շրջանին արեւելեան Կութայի եւ Տումայի դէպքերը իսկապէս սիրտերը խոցող տեսակէ էին։ Ողբերգական համայնապատկերներ էին այդ բոլորը։ Մենք ունինք նաեւ այդ բոլորին տեսագրութիւնները։ Այդ տեսանիւթերը ես մասնաւորապէս քննարկեցի նաեւ Պարոն Փութինի կողմէ ուղարկուած յատուկ ներկայացուցիչին հետ։ Իրենց ալ տուի այդ բոլորը։ Այսինքն, միայն հեռախօսով չարժեւորեցինք գործընթացը, մասնաւոր ներկայացուցիչին հետ ալ խօսեցանք։ Պարոն Թրամփին հետ ալ խնդիրները մանրամասնօրէն քննարկեցինք»։

Յայտարարութիւններուն տեւողութեան Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ դիրքորոշումը շատ խիստ է քիմիական զէնքերու դէմ։ Ըստ իրեն, Անգարա կը ձգտի խնդիրը ժամ առաջ հաշտութեամբ եզրափակել եւ մթնոլորտը մեղմացնել։ Բաց աստի, հանրապետութեան նախագահը մատնանշեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ալ կ՚ընթանայ վճռակամ ձեւով։

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018