ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ, ԱՆԳԼԻԱ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ ՌՄԲԱԿՈԾԵՑԻՆ ՍՈՒՐԻԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Անգլիան եւ Ֆրանսան երէկ երեկոյեան ռմբակոծեցին Սուրիան։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի արիւնալի ու բարդ իրավիճակին մէջ վերջին օրերուն խնդրայարոյց երեւոյթները գագաթնակէտին հասած էին՝ արեւելեան Կութայի եւ Տումայի մէջ՝ երկրի բանակին կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման պնդումներով։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը այդ կէտէն սկսեալ շարժման անցած էր՝ արտայայտելով մտադրութիւն միջամտելու համար Սուրիոյ իրադարձութիւններու ընթացքին։ Ծանօթ է, որ այս բոլորը միջազգային բեմահարթակի վրայ լարուածութեան բարձրացման պատճառ դարձաւ։ Մասնաւորապէս, յարաբերութիւնները լարուեցան Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ։ Միջազգային հանրութիւնը մտահոգ սպասումի մը մէջ էր։

Այս բոլորէն վերջ արդէն պատահեցաւ սպասուածը։ ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Անգլիա օդային ռմբակոծումներ կատարեցին Սուրիոյ դէմ։ Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ այս քայլը քիմիական զէնքերու օգտագործման դէմ պատասխան մըն է՝ անոնց օգտագործման կանխարգիլման համար։ 

ԱՄՆ-ի եւ միւս դաշնակիցներու ռմբակոծումներու թիրախին էին Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի ենթակայ զօրքերու խարիսխները։ Մայրաքաղաք Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու ռազմախարիսխները ռմբակոծուեցան դաշնակիցներուն կողմէ։ Փենթակոնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ գործողութիւններու առաջին ալիքը վերջացած է։

Միջազգային հանրութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս գործողութիւններուն։ ՆԱԹՕ պաշտպանեց ԱՄՆ-ի, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի համատեղ ռմբակոծումը։ Մոսկուա հակազդեց յարձակումներուն։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ հարուած հասցուած է՝ երկար տարիներ ահաբեկչական յարձակումներու տակ կանգուն մնալ փորձած ինքնիշխան պետութեան մը մայրաքաղաքին։ Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ պաղարիւնութեան կոչ ուղղեց Սուրիոյ պարագային։

Անգարայի իշխանութիւններն ալ հաղորդեցին, որ կը պաշտպանեն այս գործողութիւնները։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց դաշնակիցներու գործողութիւնը։ Այս առթիւ կատարուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Էսատի վարչակազմին դէմ կազմակերպուած գործողութիւնը տեղին հակազդեցութիւն մըն է։

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018