ԱՆՍՏՈՅԳ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Քորոնաժահրի բրիտանական հիմնամանրէի եւ բարձր մահացութեան միջեւ կապեր չեն ստուգուած։ Այսպէս, գիտնականներ չեն կրցած երեւան բերել այն ապացոյցները, թէ քորոնաժահրի բրիտանական հիմնամանրէն կը յանգեցնէ հիւանդութեան աւելի ծանր ընթացքի կամ աւելի վտանգաւոր է մահացութեան տեսակէտէ: «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումով, այդ մասին կը վկայեն այն հետազօտութեան արդիւնքները, որոնք հրապարակուած են «Lancet» բժշկական հանդէսին մէջ։

Մասնագէտներ վերլուծած են հիւանդներու նմոյշները, որոնք դարմանման տակ առնուած են քորոնաժահրի պատճառով եւ համեմատած են բրիտանական հիմնամանրէով վարակուածները եւ հիւանդութեան ընթացքը այն անձերու, որոնց մօտ յայտնաբերուած են քորոնաժահրի այլ տարբերակներ:

«Մենք հիւանդութեան ծանր ընթացքի եւ մահացութեան, ինչպէս նաեւ այդ հիմնամանրէի միջեւ կապի որեւէ հաստատում չենք յայտնաբերած», ըսուած է հրապարակման մէջ: Բաց աստի, «Lancet»ի մէջ հրապարակուած այլ հետազօտութեան մը հեղինակներ յանգած են այն եզրակացութեան, որ բրիտանական հիմնամանրէն պատճառ չի դառնար աւելի ծանր ախտանիշներու եւ չ՚ազդեր հիւանդութեան տեւողութեան վրայ: Հետազօտողներ նաեւ չեն յայտնաբերած վարակման կրկնակի դէպքերու թիւի հաւանական աճի կապակցութեամբ: Այնուամենայնիւ, գիտնականներ հաստատած են, որ բրիտանական հիմնամանրէն աւելի վարակիչ է: Սակայն, անոնց կարծիքով, արդէն հրապարակի պատուաստանիւթերը արդիւնաւէտ կ՚ըլլան նաեւ քորոնաժահրի այդ տարբերակի դէմ: «SARS-CoV-2» քորոնաժահրի մութասիոնը, որ ստացած է «B.1.1.7» անուանումը, դեկտեմբերի կէսերուն յայտնաբերած են Մեծն Բրիտանիոյ մէջ:

Աւելի վերջ, Մեծն Բրիտանիոյ շնչուղիներու նոր եւ յառաջացող ժահրային սպառնալիքներու գծով բժշկական խորհուրդը հաստատած է, որ երկրէ ներս յայտնաբերուած քորոնաժահրի տարբերակը կը տարածուի սկբնական ժահրէն 70 տոկոսով (այլ գնահատումներով՝ 56 տոկոսով) աւելի արագ եւ զգալիօրէն կ՚աւելցնէ մահուան ռիսքը: Այդ ժամանակաշրջանէն ի վեր մութասիոնը յայտնաբերուած է արդէն 130 երկիրներու մէջ: Բացի այդ, աշխարհի վրայ կը տարածուին նաեւ այլ վտանգաւոր մութասիոններ. Հարաւային Ափրիկէի տարբերակը յայտնաբերուած է 80 երկիրներու մէջ, իսկ պրազիլականը՝ 45: Վերջին տուեալներու համաձայն, Ռուսաստանի մէջ արձանագրուած է բրիտանական հիմնամանրէի 128 դէպք: Անոնց բոլորը բերովի են, առաւելապէս Թուրքիայէն եւ Թանզանիայէն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2021