ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿՈՉ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Համանախագահները գոհունակութեամբ մատնանշեցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի ամրապնդումը։ Անոնք ողջունեցին զոհերու աճիւններու յանձնումը, հակամարտութեան հետեւանքով տեղահանուածներու վերաբնակեցման, մարդասիրական օգնութեան եւ կեանքի համարժէք պայմաններու տրամադրման, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղեալ շինիչ քննարկումներու շարունակական յառաջընթացը։
Համանախագահները հակամարտ կողմերուն յիշեցուցին, որ հարկաւոր են յաւելեալ ջանքեր գործադրել՝ տակաւին մնացած հարցերը լուծելու եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ մը ստեղծելու համար։ Այս բոլորը կը ներառեն հարցեր, որոնք մանաւանդ կը վերաբերին բոլոր ռազմագերիներու եւ այլ ձերբակալեալներու վերադարձին՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի դրոյթներուն համապատասխան, հակամարտութեան տարածքներու արդիւնաւէտ ականազերծման համար անհրաժեշտ բոլոր տուեալներու փոխանակման, Լեռնային Ղարաբաղ մուտքի սահմանափակումներու վերացման՝ ներառեալ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն համար, կրօնական կամ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հակամարտութեան հետեւանքով տուժած համայնքներու, մարդոց միջեւ վստահութեան ամրապնդման այլ միջոցներու խրախուսման նպատակով անմիջական շփումներու եւ համագործակցութեան խթանման։
Ըստ յայտարարութեան, հաշուի առնելով ԵԱՀԿ-ի լիազօրութեան ժամկէտները եւ տարածքաշրջանի բոլոր բնակիչներու ձգտումները դէպի կայուն, խաղաղ եւ բարեկեցիկ ապագայ՝ համանախագահները կը շեշտեն, որ յատուկ ուշադրութիւն պէտք է ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերջնական համապարփակ ու կայուն կարգաւորման ձեռքբերման նկատմամբ՝ կողմերուն քաջ ծանօթ սկզբունքներու հիման վրայ։
Այս առումով միջնորդները կոչ կ՚ուղղեն կողմերուն՝ առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային վերսկսիլ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։ Համանախագահները կը կրկնեն ուղղակի երկկողմանի խորհրդատուութիւններ կազմակերպելու իրենց առաջարկը, որպէսզի կողմերը համատեղ վերանային եւ համաձայնեցնեն իրենց առաջնահերթութիւնները ներկայացնող կառուցուածքային օրակարգը առանց նախապայմաններու։
Համանախագահները կը շեշտեն իրենց պատրաստակամութիւնը՝ վերսկսելու աշխատանքային այցելութիւնները դէպի տարածքաշրջան՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ, իրականացնելու համար իրենց գնահատման եւ միջնորդական առաքելութիւնները։ Այս առումով համանախագահները կողմերուն կը յիշեցնեն իրենց երթուղիներու վերաբերեալ անարգել մուտքի եւ շարժման առաւելագոյն ճկունութիւնը ապահովելու պահանջը՝ իրենց ունեցած լիազօրութեան եւ նախորդ գործնական նախընթացներուն համապատասխան։