ՄԻՆՉԵՒ 40 ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԻԼԻԱՌԱՏԷՐԵՐ

Մինչեւ քառասուն տարեկան միլիառատէրերու թիւը տարուայ մը ընթացքին հասած է 79-ի։ Աշխարհի վրայ աւելի քան 1 միլիառ ամերիկեան տոլար կարողութեամբ մինչեւ քառասուն տարեկան միլիառատէրերու թիւը այս տարի աւելցած է մինչեւ 79-ը, ինչ որ 26-ով աւելի է, քան 2020 թուականին: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումով, այս մասին նշուած է այն հետազօտութեան մէջ, որ ապրիլի 13-ին հրապարակած է «Hurun» գործարար հրատարակութիւնը:

Այդ վարկանիշով յայտնուած միլիառատէրերու միագումար կարողութիւնը տարուայ մը ընթացքին աճած է 1.5 թրիլիոն եուանով (շուրջ 230 միլիառ ամերիկեան տոլար) եւ ներկայիս կը կազմէ շուրջ 3.4 թրիլիոն եուան (շուրջ 523 միլիառ ամերիկեան տոլար): Ըստ զեկոյցին, անոնցմէ 74-ը յաջողած է շատ զարգացնել իր կարողութիւնը: Այդ ցանկի հարուստ մարդիկ կը բնակին Աւստրալիայի, Մեծն Բրիտանիայի, Գերմանիայի, Հնդկաստանի, Գանատայի, Չինաստանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Սինկափուրի եւ Շուէտի մէջ:

Անոնց հիմնական մասը կը բնակի Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի մէջ: Երիտասարդ միլիառատէրերու վարկանիշը կը գլխաւորէ «Facebook» ընկերութեան 36-ամեայ հիմնադիր Մարք Զուքերպերկ՝ 651 միլիառ եուանով (շուրջ 100 միլիառ ամերիկեան տոլար): Երկրորդ տեղը կը զբաղեցնէ «ByteDance» ընկերութեան 38-ամեայ ղեկավար չինացի Չժան Իմին, որու կարողութիւնը կը գնահատուի 350 միլիառ եուան (շուրջ 53 միլիառ ամերիկեան տոլար): Վարկանիշի յառաջատարներու եռեակը կ՚եզրափակէ «Beijing Kuaishou Technology» ընկերութեան 39-ամեայ հիմնադիր Սու Հուան՝ իր մօտաւորապէս 155 միլիառ եուան (շուրջ 23 միլիառ ամերիկեան տոլար) կարողութեամբ: Աշխարհի մինչեւ քառասուն տարեկան տոլարի միլիառատէրերու վարկանիշը վերջին հինգ տարուայ մէջ ամէն տարի  կը կազմէ «Hurun» գործարար հրատարակութիւնը: 2016 թուականին անոր մէջ կը մտնէր 39 միլիառատէր:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2021