ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԸ «ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏԷՍ» ՄԸ ՄՇԱԿԱԾ Է՝ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը այս շրջանին ձեռնամուխ եղած է ծրագրի մը, որով մէկտեղուեցան ընկերային զօրակցութեան կարօտ ընտանիքներ եւ բարերարներ։ «Պէշիկթաշի կարիքներու քարտէսի ընկերային աջակցութեան կառավարման դրութիւն» կոչուած այս ծրագրի ծանօթացումը երէկ տեղի ունեցաւ «Մուսթաֆա Քեմալ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ կազմակերպուած մասնաւոր հաւաքոյթով մը։ Քաղաքապետ Ռըզա Աքփոլատի մասնակցութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ սոյն նախաձեռնութեան հիմնադիր գործընկերներէն՝ արուեստագէտ Մերթ Ֆըրաթ եւ վարչայիններէն Էսրա Արսլան որպէս ատենախօս։

Ռըզա Աքփոլատ հաւաքոյթի ընթացքին նշեց, որ քաղաքապետարանը ցարդ հասած է 93 հազար 540 բնակարանի եւ շուրջ 11 հազար խանութպանի։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի շրջանին յառաջացած արտասովոր կարիքներու դիմագրաւման նպատակով ձեռնարկուած աշխատանք մըն է այս մէկը։ Քաղաքապետարանը այս նախագիծը մշակած է՝ կանխատեսելով, որ կարիքաւոր ընտանիքներու թիւը պիտի բարձրանայ յառաջիկային։ Աքփոլատի խօսքով՝ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը միութիւնը, միասնականութիւնն ու զօրակցութիւնը առանցքային դարձուցած է իր ղեկավարման մտայնութեան մէջ։ Ընկերային զօրակցութեան ամրապնդման նպատակով քաղաքապետարանը կը յղանայ զանազան ծրագրեր, որոնց շնորհիւ հաւաքական օգուտներ կը ստեղծուին։ Այս նոր նախագիծն ալ կ՚ապահովէ, որ կարիքաւոր քաղաքացիներ եւ անոնց աջակցելու պատրաստակամ նուիրատուներ զիրար գտնեն առցանց հարթակի մը վրայ։ Այս ծրագիրով կը նախատեսուի կարիքաւորներու վարձքերու եւ զանազան վճարումներու դիմագրաւումը, կրթաթոշակներու յատկացում, պնակիտներու տրամադրում եւ այլն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2021