64-ՐԴ «ԿՐԵՄՄԻ»Ն

Աշխարհ արդեօք պիտի կարենա՞յ փրկուիլ քորոնաժահրի համավարակէն, պիտի կարենա՞յ շարունակել իր բնականոն կեանքը նախկինին նման։ Հաւանաբար, կան յոյսեր, որովհետեւ արդէն կ՚առնուին որոշումներ յառաջիկայ տարուան համար։ Յամենայնդէպս, սպասենք եւ յուսանք…

Յայտնի դարձաւ «Կրեմմի»ի յաջորդ մրցանակաբաշխութեան իրականացման ձեւաչափը։ Ամերիկեան երաժշտական «Կրեմմի» յաջորդ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2022 թուականի յունուարի 31-ին՝ սովորական ձեւաչափով: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումով՝ «Կրեմմի»ի 64-րդ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի «Staples Center»ի մէջ եւ ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակուի «CBS» հեռուստաընկերութեան կողմէ։

Մինչ այդ, 63-րդ մրցանակաբաշխութիւնը, քորոնաժահրի համավարակով պայմանաւորուած, տեղի ունեցած էր ոչ-սովորական ձեւաչափով: Որոշ միջոցառումներ կազմակերպուած էին ո՛չ թէ «Staples Center»ի, այլ ուրիշ հարթակներու մէջ: Միջոցառման մէկ մասը տեղի ունեցած էր առցանց:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2021