ԻՐԵՐՈՒ ՆՈՐ ԴՐՈՒԱԾՔ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը յեղաշրջած է միջազգային օրակարգը։ Մէկ կողմէ մարդասիրական մեծ աղէտ մը կ՚ապրուի եւ ընդհանուր առմամբ համաշխարհային հարթութեան վրայ կը խորանայ մտահոգութիւն մը, իսկ միւս կողմէ միջազգային օրակարգի հրատապ բոլոր հարցերուն դրուածքը կը փոխուի՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Թէ ի՞նչ է այս պատերազմին անդրադարձը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վրայ։ Այս հարցման պատասխանը կ՚որոնուի այնպիսի համայնապատկերի մը վրայ, ուր Ուքրայնայի մէջ ռուսական զօրքերու գործերը կ՚ընթանան նախատեսուածէն աւելի վատ, իսկ Արցախէ ներս Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի առաքելութիւնը հետզհետէ աւելի մանրազննին քննարկումներու առարկայ կը դառնայ։

Հարցը այնպիսի գայթակղեցուցիչ համեմատութիւններու հասած է, որ Ուքրայնայի Ազգային անվտանգութեան ու պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեքսէյ Տանիլով վերջերս յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յաւելեալ ճակատի մը բացուիլը պիտի նպաստէ Ռուսաստանի դէմ իր երկրի մղած պայքարին։

Eurasianet առցանց թերթին մէջ վերջերս լոյս տեսած է՝ այդ լրասփիւռի Թուրքիոյ եւ Կովկասի հարցերու գծով պատասխանատու խմբագիր Ճոշուա Քուչերայի ստորագրութեամբ շահեկան գրութիւն մը, որ յաջող համադրում մը կը համարուի այժմու իրադրութեան խճանկարին տեսակէտէ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս անգլերէն խորհրդածութեան թարգմանութիւնը, որ լոյս տեսած է նաեւ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ։

*

Մինչ Ուքրայնայի մէջ պատերազմը կը սաստկանայ, լարումը կ՚աճի յետխորհրդային մէկ այլ եռուն կէտի՝ Ղարաբաղի մէջ:

Մարտի սկիզբէն, Ռուսաստանի՝ Ուքրայնա ներխուժումէն անմիջապէս յետոյ, Ղարաբաղի մէջ հրադադարի խախտման մասին հաղորդումները թափ ստացան։ Միաժամանակ Պաքու քարոզչական արշաւ սկսաւ՝ ուղղուած Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ ուժերու վարկաբեկման։

Կրակոցներու աւելի յաճախակի բնոյթի մասին հաղորդումները սկսան մարտ 5-էն, թէ՛ ատրպէյճանական ուժերուն, թէ՛ ալ ինքնահռչակ, Հայաստանի հովանաւորած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ: Ղարաբաղի իշխանութիւնները կը յայտնեն, որ հակառակորդի կողմէն կը շարունակուին ուժեղ կրակոցները, եւ որ ատրպէյճանցիները հեռանալու կոչեր կը հեռարձակեն հայաբնակ գիւղերու։

Ղարաբաղը մատակարարող կարեւոր կազատարը նոյնպէս վնասուած է ատրպէյճանցիներու կողմէ. Ղարաբաղի իշխանութիւնները կը նշեն, որ քանի՜ օրէ ի վեր տեղւոյն բնակչութիւնը մնացած է առանց ջեռուցման:

Ասիկա լարումի ամենակտրուկ աճն է վերջին շրջանին։ Եւ երկու կողմերն ալ զայն կը կապեն Ուքրայնայի պատերազմին հետ։

Հայերը կը պնդեն, որ ատրպէյճանցիները կ՚օգտուին աշխարհի եւ ռուսական ուժերու ուշադրութեան շեղումէն, ու վերջիններս Ուքրայնայի պատերազմով տարուած՝ ներկայիս նուազ կեդրոնացած են ղարաբաղեան իրենց առաքելութեան վրայ: 2020 թուականի պատերազմին Ատրպէյճան վերատիրացաւ 1990-ականներուն երկու կողմերու միջեւ առաջին պատերազմին կորսնցուցած հողերու մեծ մասին։ Բայց ան կը փորձէ մնացեալ հատուածին եւս տիրանալ, որ այժմ կը հսկուի 2 հազար հոգինոց ռուսական խաղաղապահ ուժերու կողմէ:

«Վերջին օրերուն, օգտուելով ամբողջ աշխարհի եւ յատկապէս Ռուսաստանի՝ Ուքրայնայի մէջ տիրող կացութեամբ մտազբաղ վիճակէն, կտրուկ աւելցան Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի գրգռութիւններն ու սպառնալիքները», մարտ 11-ին յայտարարեց ինքնահռչակ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան. (Արցախը՝ Ղարաբաղի հայերէն այլընտրանքային բառն է):

Իսկ Հայաստանի խորհրդարանի երեսփոխան Տիգրան Աբրահամեան ալ ըսաւ. «Այսօր կատարուող քայլերը նպատակ ունին վարկաբեկելու նաեւ Ռուսաստանի դերը Արցախի եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ որքան խորանայ ուքրանական ճգնաժամը, այնքան աւելի նկատելի պիտի դառնան Ռուսաստանի դէմ տարբեր մակարդակներով այդ յարձակումները»:

Պաքուէն ստացուող պատգամները երբեմն իրարմէ տարբերելով հանդերձ՝ կը միանան մէկ կէտի շուրջ. անոնք բոլորն ալ կը միտին շեշտել ռուս խաղաղապահներու անատակութիւնն ու թոյլ կողմերը:

Իշխանամէտ «Report.az»ի մարտ 7-ի յօդուածին մէջ կ՚ընդգծուին հրադադարի վերջին խախտումները, որոնց համար կը մեղադրուի հայկական կողմը։ «Հրադադարի պահպանման պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ կ՚իյնայ ռուս խաղաղապահներուն վրայ։ Այդ կը նշանակէ, որ կա՛մ խաղաղապահները չեն կրնար կառավարել իրենց վստահուած առաքելութիւնը, կա՛մ ուղղակի թոյլ կու տան, որ հայերը կրակեն», կը գրէ թերթը։

Նոյն օրը հրապարակուած մէկ այլ յօդուածի մէջ, որ լոյս տեսած է «Caliber.az» ռազմական լրատուական կայքին վրայ, կը պնդուի, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերու հրամանատարը ներգրաւուած եղած է Ղարաբաղի շարք մը կաշառակերական գործարքներու մէջ (որու մասին յօդուածը ոչ մէկ ապացոյց կը ներկայացնէ) եւ որու պատճառաւ ալ ան երախտապարտ է Ղարաբաղի մէջ հայկական իշխանութիւններուն։

«Վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին Ղարաբաղի մէջ լարումի աստիճանը կը բարձրանայ... բայց ո՞վ կամ ի՞նչն է, որ Ղարաբաղի աւազակներուն կու տայ նման յանդգնութիւն», հարց կը տրուի յօդուածին մէջ, որու որպէս պատասխան ալ կը նշուի. «Հիմնական դէմքը, որու կ՚ապաւինին աւազակները, խաղաղապահներու ներկայի հրամանատար զօրավար Անտրէյ Վոլքովն է»։

Միեւնոյն ժամանակ ատրպէյճանական ընկերային ցանցերու մէջ լայնօրէն կը տարածուի ռուսական ռազմական կառքերու շարասիւնի մը տեսանիւթը, որ կ՚անցնի Ղարաբաղը Հայաստանի կապող Լաչինի միջանցքէն։

«Կարելի է ենթադրել, որ անոնք կը վերատեղակայուին Ուքրայնա», կը գրէր «Caliber» մարտի 9-ին, կրկին առանց ապացոյցի։ Թերթը կ՚աւելցնէր նաեւ, որ «ուրիշ վարկածի մը համաձայն՝ ռուսական խաղաղապահ ուժերու մէկ մասը կը վերաբաշխուի Կիւմրիի 102-րդ ռազմակայան եւ այդ կայանի զինուորներն ալ իրենց կարգին կ՚ուղարկուին Ուքրայնայի ռուսական զօրքերուն օգնութեան»։

Ղարաբաղի իշխանութիւնները մարտ 10-ի յայտարարութեամբ հերքեցին ռուսերու մեկնումին մասին լուրերը։ Իսկ ռուս խաղաղապահները մեկնաբանութիւն չկատարեցին այս մասին։ Մինչ ռուսական առաքելութիւնը գրեթէ ամէնօրեայ, թարմացուած զեկուցումներ կը կատարէր ղարաբաղեան իր գործունէութեան մասին, այժմ՝ յունուար 26-էն ի վեր մամլոյ ոչ մէկ հաղորդագրութիւն հրապարակած է։

Ռուս խաղաղապահներու հասցէին հնչող քննադատութիւններու երրորդ գիծն ալ այն է, որ անոնք ինքնին սպառնալիք կը ներկայացնեն Ատրպէյճանի համար։

Խորհրդարանի անդամ Էլման Մամետով իրավիճակը համեմատած է Վրաստանի 2008-ի դէպքերուն հետ, երբ վրացական ուժերը յարձակեցան Հարաւային Օսեթիայի վրայ, իսկ Ռուսաստան, պատճառաբանելով, որ հոն կը գտնուէին իր խաղաղապահները եւ ենթարկուեցան յարձակման, ուժգին հակահարուած հասցուց: «Ռուս զինուորները Հարաւային Օսեթիա կը գտնուէին որպէս խաղաղապահներ», լրագրողներուն ըսած է Մամետով, աւելցնելով. «Վրաստան որոշեց իր հողային ամբողջականութիւնը վերականգնելու ուղղուած գործողութիւն կատարել։ Ռուսաստան ատիկա վտանգ համարեց իր խաղաղապահներուն համար։ Արդիւնքը ծանօթ է բոլորին»։

Ինչպէս միշտ, քարոզչական այս աշխատանքը կը կատարուի իշխանամէտ լրատու միջոցներու կամ աւելի փոքր գործիչներու կողմէ, մինչ պետական դէմքերը կը լռեն: Հետաքրքրական բացառութիւնը Պաշտպանութեան նախարարութեան բողոքն էր ռուս զինուորական պատասխանատուի մը մեկնաբանութեան առթիւ, որ այլ պայմաններու տակ հաւանաբար աննկատ պիտի անցնէր:

Արդարեւ, մարտ 7-ին, Ուքրայնայի ցուցաբերուող մարդասիրական օգնութեան մասին կարճ զրոյցի մը ընթացքին ռուս զինուորականներէն մէկը հակիրճ յիշատակած է «Լեռնային Ղարաբաղի» կազմակերպած օգնութեան առաքումը։ Մինչ ան, ենթադրաբար, նկատի ունէր Հայաստանի կողմէ վերահսկուող ինքնահռչակ Հանրապետութիւնը, որ իրօք որոշ օգնութիւն ուղարկեց, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բողոքը կը վերաբերէր բացառապէս տեղանունին։

«Ուքրայնա ուղարկուող մարդասիրական օգնութեան մասին՝ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ՝ «Լեռնային Ղարաբաղ» եզրի օգտագործումը անընդունելի է», կ՚ըսէր Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ու նաեւ կը նշէր. «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքին «Լեռնային Ղարաբաղ» կոչուող վարչական եւ տարածքային միաւոր գոյութիւն չունի»։

Մինչ այդ, Ղարաբաղի հայերը կը յայտնեն, որ այնտեղի գիւղերը կը շարունակեն ենթարկուիլ ատրպէյճանական յարձակման, ներառեալ՝ ծանր զինատեսակներով: Խնապատ գիւղը ռմբակոծուեցաւ մարտ 11-ին եւ Թաղավարդ գիւղի բնակիչները յայտնած են, որ ատրպէյճանական բանակը բարձրախօսերով իրենց կ՚ազդարարէ հեռանալ իրենց բնակավայրերէն:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2022