ՍԱՄԱՐՂԱՆՏԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Էօզպեքիստանի տանտիրութեամբ, Աֆղանիստանի հարեւան երկիրներու չորրորդ նախարարական համաժողովը տեղի ունեցաւ Սամարղանտի մէջ։ Այս ծիրէն ներս կազմակերպուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային քառեակի երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Չինաստանի, Իրանի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարներուն անպաշտօն հանդիպումը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Այսպէս, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Քին Կանկ եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Հինա Ռապպանի Խար քննարկեցին Աֆղանիստանի վերաբերեալ հարցեր։
Մոսկուայի աղբիւրները հաղորդեցին, որ հանդիպումը հնարաւորութիւն ընձեռած է՝ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ անկեղծօրէն քննարկելու համար Աֆղանիստանէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Շեշտը դրուած է անվտանգութեան հարցերուն վրայ։ Կարեւորուած է տարածաշրջանային ջանքերու համակարգումը՝ Աֆղանիստանի տարածքէն ծնունդ առնող ահաբեկչութեան եւ թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան սպառնալիքներուն դէմ պայքարելու ուղղութեամբ։
Քառակողմանի հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւն գոյացած է, որպէսզի Աֆղանիստանի վերաբերեալ հարցերուն շուրջ միասնական համախմբուած տարածաշրջանային մօտեցում մը ձեւաւորուի, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւն ապահովուի Աֆղանիստանի ներկայ կառավարութեան հետ։ Չորս նախարարները նկատի առած են նաեւ Աֆղանիստանի ներքին կայունութեան պահպանման եւ այդ երկրէն ներս մարդասիրական ճգնաժամի կանխման վերաբերեալ հարցերը։