ՂԱՐԱԲԱՂԸ «ՃԵՆՆԷԹ» ՉԷ
Սուրիական պատերազմին հետեւողներուն համար Հալէպի, Դամասկոսի, Հոմսի տարբեր ճակատները դարձան իսլամամէտ խմբաւորումներու «սպասուած դրախտ»: Արաբերէնով եւ թրքերէնով՝ ճեննէթ: Այդ դրատին համար Միջին Ասիոյ տարբեր քաղաքներէն եւ Եւրոպայի ցամաքներէն հազարաւոր իսլամամէտներ Սուրիա հասնելով պատերազմ մղեցին Սուրիոյ նախագահին առաջնորդած բանակին դէմ: Ռազմական գործողութիւնները ձեւափոխուեցան եւ «սուրբ պատերազմ»ի համար Սուրիա ժամանած զինեալները, որոնք խորքին մէջ Ուսամէ պըն Լատէնի հիմնած «Էլ Քաիտէ» շարժումին անդամակցած իսլամամէտներ էին, տարբեր խմբաւորումներու միջեւ բաժնուելէ ետք փորձեցին ստեղծել իրենց էմիրութիւնները: Իսլամամէտներէն շատեր հիասթափուեցան եւ վերադարձան իրենց երկիրները: Անոնց ռազմի դաշտէն վերադառնալու հիմնական պատճառը հասկնալն էր, որ տեղի ունեցածը իսլամի երազած «սուրբ պատերազմ»ը չէ: Արդէն հինգ տարիէ է, որ սուրիական պատերազմը կը շարունակուի ու ամէն հանգրուանի Սուրիա հասած իսլամամէտները իրենց դիմակը կը փոխեն եւ կը շարունակեն, իրենց անհիմն «ճիհատ»ը: Այս առումով պէտք է նկատել, որ անոնք տարբեր դրօշներու տակ մէկտեղուելով մարտեր կը մղեն իրարու դէմ: Ու զարմանալի չէ, որ սիւննի ըմբռնումներով կազմուած «Ալ Նուսրա» ճակատը այսօր ծանր մարտեր կը մղէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ԻՇԻՊ) դէմ, որ նոյնպէս իսլամական այդ «դաւանանք»ին կրողն է: Քաոսային այս դրութեան դիմաց ուշագրաւ յայտարարութիւններ կը կատարեն ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատուներ, որոնք «հանգիստ խիղճ»ով կը յայտարարեն, որ ԻՇԻՊ-ի վերացումը կրնայ երկար ժամանակ առնել: Այս համաբնագրին մէջ պէտք չէ մոռացութեան մատնել Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի Գահիրէի մէջ Յունիս 2009 թուականին «իսլամներուն ուղղուած ճառ»ը, ուր Ամերիկայի նախագահը կը յորդորէր սիւննի աշխարհի ղեկավարները յաւելեալ աշխատանք տանիլ «ներսէն մաքրելու համար իսլամը»: Բացի ասկէ, ամերիկեան վերջին կեցուածքներու բացայայտումով աւելի քան պարզ կը դառնայ, որ Սուրիոյ մէջ հիմնական կայք հաստատած եւ մեծ աւերուածութիւններ գործող ԻՇԻՊ-ը, ոչ թէ անհնար է վերացնել, այլ այդ վնասակար տարրին ներկայութիւնը գետնի վրայ անհրաժեշտ է նոյն ամերիկացիներուն համար: Այս մօտեցումը չէ հիմնուած «դաւադրական տեսաբանութեան» վրայ, այլ Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ գրանցուող փոփոխութիւնները մեծապէս այդ մասին կը յուշեն:
Բացի այդ, որ Սուրիոյ մէջ տարբեր դրօշներով իրարու դէմ ըմբոստացած միաւորումները սկսած են դիմագիծ փոխել՝ յստակ է նաեւ, որ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն կարեւոր ճիգեր կ՚իրականացնեն, որպէսզի Սուրիան կրօնական պատերազմի իրական գետնի չվերածուի: Ճիշդ է նաեւ, որ մեծամասնութեամբ իսլամ բնակչութիւն ունեցող այս երկրին մէջ այդ կրօնական պատերազմին հիմնական հիմքերը չկան: Հակամարտութիւնը մտած է այնպիսի փուլ մը, ուր երէկուան զինակիցները դարձած են այսօրուան թշնամիներ: Մինչ այդ, 2011 թուականին սկիզբ առած ներքին հակամարտութիւնը այսօրուան «հրապոյր»ը չունի բոլոր այն իսլամամէտներուն համար, որոնք Սուրիա կը փութային յանուն՝ «ճիհատ»ի: Ու ատոր համար եւս նախատեսելի է, որ յառաջիկայ հանգրուանին ընթացող հակամարտութիւնները ամբողջովին կրնան փոխել իրենց լոզուգները եւ վերածուին այլ նպատակի կռիւներու: Եթէ շիի կռուողներուն ու մահապարտներուն համար հիմնական թիրախ մը ունենալը ամենէն կենսական կէտն է, ապա սիւննի կռուողներուն համար այսօր գլխաւոր կեդրոնական թիրախ մը չունենալը դարձած է օրինաչափութիւն: Այսինքն շիիները կը կռուին յանուն Երուսաղէմի, իսկ սիւննի զինեալները, որոնք շատ պարագաներու նոյնիսկ զրկուած են սիւննի տէրութիւններու «իրաւական» նեցուկէն, կը կռուին կազմաքանդելու համար Երուսաղէմի գաղափարը: Անոնք կը փորձեն ստեղծել փոքր եւ կարճատեւ նպատակային մարտադաշտեր, կորսնցնելու համար իսլամ զինեալին ամենէն գերագոյն թիրախ կամ աւելի ճիշդը՝ պայքարի փարոս համարուող Երուսաղէմի ուղղութիւնը: Նոյն ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչները կը փորձեն կազմաքանդել քաղաքական իսլամի հիմնական նպատակն ու պատկերը: Կորսնցնել «սրբազան պատերազմ»ի թիրախը, հեռացնել Իսրայէլի դէմ հեռանկարային պատերազմ մղելու բոլոր հիմքերը եւ խառնել բոլոր խաղաքարտերը: Անոնք իրենց վարմունքով մինչեւ այս պահը կը շարունակեն շրջանառութեան մէջ դնել իսլամը «սատանայացնելու» գաղափարը: Իրենց զոհերուն թեւերը եւ գլուխները հատելով աշխարհին կը փորձեն ըսել. «Ահա այս է իսլամը»: Այս առումով անոնք երեւելի աջակցութեան կ՚արժանանան արեւմտեան երկիրներու ամենէն ազդեցիկ լրատուամիջոցներուն: Այս բոլորը կը կատարուին հիմք ունենալով որպէս հրէշ ներկայացնել այսօրուան իսլամն ու իսլամի գաղափարը: «Քաղաքակրթութիւններու հակամարտութիւն» խորագրով յառաջ քաշուած պատերազմները եւ մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի մէջ կոչուած են երկարաժամկէտ եւ արիւնալի հակամարտութիւններ ըլլալու: Այսինքն անցնող երկու տարիներուն յառաջացած եւ իր պարտականութիւնները «փայլուն» կերպով կատարելու կոչուած ԻՇԻՊ-ը տակաւին երկար կեանք պիտի ունենայ: Արեւմտեան աշխարհին համար եւս անոր ներկայութիւնը որպէս ծրագիր եւ զինուորական ներկայութիւն, ըստ երեւոյթին շահաւէտ կողմեր ունի ու այդ պատճառներուն մասին կարելի է խօսիլ այլ առիթով:
Արցախեան վերջին դէպքերը եւ այդ դէպքերուն իբրեւ արդիւնք մինչեւ օրերս շարունակուող գործընթացները Լեռնային Ղարաբաղը դարձուցած են ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ կովկասեան առաջնային օրակարգ: Ու հոս է նաեւ, որ կարեւոր եւ ազդեցիկ գործօններ պէտք է իրականցուին Արցախը ամէն գնով հեռու պահելու վերը նշուած իսլամական գործօնին թիրախ դարձնելու որեւէ փորձէ: Նախ պարզ է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կրօնական հիմքով եղած հիմնահարց մը չէ: Ու նաեւ մասնաւորապէս այս օրերուն պէտք է ամէն գնով բացատրել, որ Արցախը իսլամին համար «ճեննէթ» դառնալու վայր մը չէ: Իսլամին հետ մեր ունեցած յարաբերութիւնները ունին պատմական խորք ու ամէն գնով այդ պատկերը պէտք է ներկայացուի իր ամենէն փայլուն երեսակով: Միւս կողմէ, մեր լրատուական ծառայութիւնները պէտք է զգոյշ եւ զգօն կերպով ներկայացնեն այսօրուան դիպաշարը:
Պաղեստինցի ժողովուրդին դատով ամրագրուած Երուսաղէմի ազատագրութեան խնդիրը կը մնայ իսլամական աշխարհի հիմնական օրակարգ: Տարբեր հաշիւներով այսօր այդ օրակարգը կ՚այլափոխուի: Ցարդ յստակ ալ չէ, թէ որքանով պիտի յաջողի այդ ծրագիրը: Այս գործընթացներուն մէջ մենք երեւելի դերակատարութիւն մը չունինք: Մեր ընելիքը Լեռնային Ղարաբաղը այդ հակամարտութենէն հեռու պահելն է: Ճիշդ է նաեւ, որ արեւմտեան աշխարհին համար հաճելի պիտի ըլլայ լսել, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կամ անոր ճակատներուն վրայ իսլամամէտներ հայերու դէմ կը կռուին: Այդ մօտեցումները կրնան այլափոխել իրադրութիւնը եւ մեզ դնել իսլամական աշխարհին դէմ յանդիման:
Բան մը, որուն համար կրնանք սուղ գին վճարել:
Լեռնային Ղարաբաղը իսլամներու «ճեննէթ»ը չէ ու մենք այս առումով պէտք է արաբական եւ իսլամական աշխարհին կարեւոր ըսելիք ունենանք:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան