ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՎԻԵՆՆԱ
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ հաստատեցին, թէ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Երկուշաբթի աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Վիեննա, ուր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ նախատեսուած են շարք մը աշխատանքային հանդիպումներ։ Ծանօթ է, որ վերջին օրերուն միջնորդները տեղեկացուցած էին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շրջագծով եկած է Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման ժամանակը։
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի Վիեննայի մէջ մասնակցութիւն պիտի բերէ Սերժ Սարգսեան-Իլհամ Ալիեւ հաւանական հանդիպման։ Ծանօթ է, որ յայտարարուած էր, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրներուն՝ Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներն ալ ներկայ պիտի գտնուին Վիեննայի հանդիպման։
Նախագահներու այս ժամադրութեան ընդառաջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այցելեց Փարիզ։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրոյի առընթեր Նալպանտեան տեսակցեցաւ նաեւ շարք մը խորհրդարանականներու, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի հարցերով պետական քարտուղար Առլէմ Տեզիրի հետ։ Իր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նալպանտեանի հետ տեսակցելէ վերջ Առլէմ Տեզիր յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ բանակցութիւններու վերսկսումը հրատապ է։
Իր կարգին, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ իր երկիրը թոյլ չի տար լայնածաւալ ռազմական հակամարտութիւններու բռնկման։ Մոսկուա կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն, որպէսզի պահպանուի ուժերու ռազմավարական հաւասարակշռութիւնները, ինչ որ ամենակարեւոր երաշխիքն է՝ ռազմական հակամարտութիւնները կանխելու առումով։