ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՒԱՔ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր Սոչիի մէջ մասնակցութիւն կը բերէ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին։ Ինչպէս ծանօթ է, Սոչիի մէջ նախատեսուած է իր հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ տանտէրն է գագաթաժողովին։ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութենէն վերջ առաջին անգամ երկու երկիրներու ղեկավարները պիտի հանդիպին եւ օրակարգի հիմնական խնդիրներէն մին պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։

Այսօրուան գագաթաժողովի սեմին, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հասաւ Սոչի։ Օդակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ Սոչիի քաղաքապետ Անաթոլի Փախոմովի, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հարաւային Ռուսաստանի թեմի առաջնորդ Տ. Մովսէս Եպիսկոպոս Մարտիրոսեանի եւ շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Երեկոյեան Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Ատլերի Ս. Սարգիս հայկական եկեղեցին, ուր ընդունուեցաւ մեծ ջերմութեամբ։ Եկեղեցւոյ բակի խաչքարին առջեւ վարչապետը զետեղեց ծաղիկներ։ Փաշինեան յայտարարեց, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները պիտի ըլլան շատ աւելի եղբայրական։

ԵԱՏՄ-ի գագաթաժողովի ծիրէն ներս, Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ ունեցաւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ամբողջին մէջ ան տեսակցեցաւ Մոլտաւիոյ նախագահ Իկոր Տոտոյի եւ ԵԱՏՄ-ի յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեանի հետ։

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Սոչի մեկնելէ առաջ ալ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։

Երկուշաբթի, Մայիս 14, 2018