ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթավերջին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած Հայաստանի նոր կառավարութեան կազմը ստացաւ իր վերջնական տեսքը։ Շաբաթավերջի նշանակումներով յայտնի դարձաւ նաեւ Հայաստանի նոր արտաքին գործոց նախարարին անունը։ Այսպէս, վերջին տասն տարիներուն պաշտօնավարած Եդուարդ Նալպանտեանին կը յաջորդէ Զօհրապ Մնացականեան։ Նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան մինչ այդ կը պաշտօնավարէր Նիւ Եորքի մէջ՝ որպէս ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ։ Անցեալի մէջ ան վարած էր փոխ-նախարարի պաշտօն եւ եղած էր դեսպան՝ շարք մը կարեւոր մայրաքաղաքներու մէջ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած նոր կառավարութեան ամբողջական կազմը ձեւաւորուած է ըստ հետեւեալի.

Արարատ Միրզոյեան (առաջին փոխ-վարչապետ), Տիգրան Աւինեան (փոխ-վարչապետ), Մհեր Գրիգորեան (փոխ-վարչապետ), Դաւիթ Տօնոյեան (պաշտպանութեան նախարար),  Զօհրապ Մնացականեան (արտաքին գործոց նախարար), Արտակ Զէյնալեան (արդարադատութեան նախարար), Ատոմ Ճանճուղարեան (ելմտական նախարար), Արծուիկ Մինասեան (տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար), Արայիկ Յարութիւնեան (կրթութեան ու գիտութեան նախարար), Լիլիթ Մակունց (մշակոյթի նախարար), Մխիթար Հայրապետեան (սփիւռքի նախարար), Մանէ Թանտիլեան (աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար), Արսէն Թորոսեան (առողջապահութեան նախարար), Արթուր Խաչատրեան (գիւղատնտեսութեան նախարար), Լեւոն Վահրադեան (մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան նախարար), Հրաչեայ Ռոստոմեան (արտակարգ իրավիճակներու նախարար), Արթուր Գրիգորեան (ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար), Էրիկ Գրիգորեան (բնապահպանութեան նախարար), Աշոտ Յակոբեան (փոխադրութան, հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու նախարար), Սուրէն Պապիկեան (տարածքային կառավարման ու զարգացման նախարար)։

Հարկ է նշել, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըստ Սահմանադրութեան, քսան օրուան ընթացքին խորհրդարան պէտք է ներկայացնէ կառավարութեան ծրագիրը։

Նոր կառավարութեան ամենաերիտասարդ անդամն է 27-ամեայ Մխիթար Հայրապետեան։ Երիցագոյն նախարարն է Զօհրապ Մնացականեան, որ 52 տարեկան է։ Նախարարաց խորհուրդի անդամներուն միջին տարիքը 40-էն քիչ մը աւելի է։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մէջ կան իգական սեռէ երկու դէմքեր։ Բացի Նիկոլ Փաշինեանի «Ելք» խորհրդարանական խմբակցութեան մասնակից կուսակցութիւններէն, կառավարութեան մէջ կը գտնուին նախարարներ՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութենէն։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին նորանշանակ նախարարները խորհրդակցութեան հրաւիրեց վարչապետական ապարանք։ Ան այս առթիւ յայտնեց, որ հանրութիւնը պէտք է զգայ, թէ այս կառավարութիւնը առաջին հերթին հաշուետու է իր առջեւ։

Երկուշաբթի, Մայիս 14, 2018