ՈՍՏՈՒՄԻ ԿԵՐՊԱՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաւէր ուղղեց աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուին։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին Դիմատետրի իր էջին վրայ արձանագրեց հետեւեալը. «Տակաւին հիմա հեռախօսազրոյց ունեցայ հայազգի տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուի հետ։ Ան ըսաւ, որ պատրաստ է աջակցիլ Հայաստանին՝ տնտեսութիւնը վերականգնելու եւ զարգացնելու հարցին մէջ։ Պարոն Աճէմօղլու ընդունեց Հայաստան այցելելու իմ հրաւէրը։ Այցի ժամկէտները կը ճշդուին յառաջիկային»։

Այս իրադարձութիւնը արձագանգ գտած է նաեւ թրքական լրատուութեան միջոցներու մօտ։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը նշէ, որ Աճէմօղլու պիտի փրկէ Հայաստանը։

Հայաստանեան լրատուամիջոցները այս կապակցութեամբ լայնօրէն կ՚անդրադառնան Տարօն Աճէմօղլուի կենսագրութեան։ Ան 2013 թուականին այցելած էր Երեւան՝ մասնակցութիւն բերելու համար Հայկական տնտեսագիտական ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովի մը։ Տարօն Աճէմօղլու ծնած է Իսթանպուլի մէջ, եղած է որդին՝ Գէորգ եւ Իրմա Աճէմեան ամոլի։ Ուսանած է Անգլիոյ մէջ։ Իր հիմնական հետաքրքրութեան ծիրին մէջ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է քաղաքական տնտեսագիտութեան, տնտեսական զարգացման, տնտեսական աճի, եկամուտներու հարցերու, աշխատավարձերու անհաւասարութեան, մարդուժի եւ մասնագիտական պատրաստութեան, աշխատանքի եւ տնտեսագիտութեան վրայ։ Ան համբաւ ձեռք բերած է որպէս գիտնական-տնտեսագէտ։

2005 թուականին Տարօն Աճէմօղլու պարգեւատրուած էր John Bates Clark Award-ով։ Այս մրցանակը կը տրուի 40 տարեկանէ փոքր ամենաականաւոր ամերիկացի տնտեսագէտին եւ հեղինակութիւնով կը զիջէ միայն Նոպէլեան մրցանակին։ Թէեւ Տարօն Աճէմօղլուի հետաքրքրական հիմնական ոլորտը կը հանդիսանան աշխատաշուկայի աշխոյժ մոտելները, սակայն ան առաւել մեծ ճանաչում ապահոված է Ճէյմս Ռապինսընի հետ համատեղ իրականացուցած աշխատանքներով, որոնց նիւթը կը վերաբերի դարձեալ ժողովրդավարութեան, մենատիրութեան եւ տնտեսական կառոյցներու ազդեցութեան քաղաքական զարգացման վրայ։

Տարօն Աճէմօղլու ներկայիս կը համարուի թերեւս ամենանորաձեւ տնտեսագէտը։ Ան աշխարհի ամենաականաւոր տնտեսագէտներէն մին է։ Կ՚անդամակցի ԱՄՆ-ի Արուեստներու եւ գիտութեան ակադեմիային։ Անդամ է նաեւ Թուրքիոյ Գիտութիւններու ակադեմիային։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի շարք մը առանցքային տնտեսական գիտական կամ հետազօտական կառոյցներու, կեդրոններու հետ կը համագործակցի՝ որպէս ղեկավար կամ ծրագրի վարիչ։

Ցայսօր Տարօն Աճէմօղլու նուաճած է տնտեսագիտութեան բնագաւառի շարք մը հեղինակաւոր մրցանակներ։ Ան կը դասախօսէ MIT-ի մէջ եւ աշխարհի վրայ ամենաշատ յղում կատարուած տասն տնտեսագէտներու շարքին է։

Երկուշաբթի, Մայիս 14, 2018