ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ

Հայաստանի նորանշանակ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան այս առաւօտ պաշտօնապէս ձեռնարկեց աշխատանքի։ Տարիքով բաւական երիտասարդ Մխիթար Հայրապետեան դիմաւորուեցաւ նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեանի կողմէ։ Նորանշանակ նախարարը իր պաշտօնական աշխատասենեակին մէջ հակիրճ յայտարարութիւններ ալ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան զուգահեռ սփիւռքի նախարարի պաշտօնէն հեռացաւ Հրանոյշ Յակոբեան, որ տասն տարի ղեկավարած էր այդ պետական կառոյցը՝ ըլլալով նաեւ առաջին նախարարը։ Այժմ Մխիթար Հայրապետեան կը յաջորդէ իրեն՝ որպէս երկրորդ անձը, որ կը ստանձնէ նախարարի պաշտօնը։

Երկուշաբթի, Մայիս 14, 2018