ԱՄՈՒՐ ԵՐԱՇԽԻՔ

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին տեսակէտէ երէկ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլու յետմիջօրէի ժամերուն այցելեց Գումգաբու՝ իր հետն ունենալով Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայան եւ այլ պաշտօնատարներ։ Նախարար Սօյլու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ու միւս ժողովական հայրերը։ Ներկայ էր նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։

Նախարար Սօյլու ժամը շուրջ 15.45-ին ժամանեց Պատրիարքարան, ուր մնաց շուրջ 40 վայրկեան։ Մեր հոգեւոր հայրերուն կողմէ դիմաւորուելէ վերջ Սիւլէյման Սօյլու առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը։ Տեղի ունեցաւ դռնփակ քննարկում մը։ Տեսակցութեան կապակցութեամբ Պատրիարքարանի աղբիւրները հրապարակեցին պաշտօնական զեկոյց մը, որ ներկայացուած է մեր յարակից սիւնակներուն մէջ։ Դռնփակ հանդիպման աւարտին նախարար Սիւլէյման Սօյլու ստորագրեց երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի սգոյ տոմարը եւ նկարահանումէ վերջ հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան այցելութենէն անմիջապէս վերջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտարարեց, որ յառաջիկային կը նախատեսուի տեղապահի ընտրութիւն։ Այս բոլորը երէկ անմիջապէս տեղ գտան թերթիս համացանցի կայքէջին վրայ, աւելի վերջ հրապարակուած Պատրիարքարանի պաշտօնական զեկոյցն ալ եկաւ հաստատել կացութիւնը։ Համայնքային շրջանակներէն ներս ալ սոյն իրադարձութիւնը արդէն առարկայ դարձած է անմիջական հետաքրքրութեան։

Նախարար Սիւլէյման Սօյլուի երէկուան այցելութիւնը պատրիարքական ընտրութեան շարունակութեան տեսակէտէ ամուր երաշխիքներ կը ստեղծէ։ Արդարեւ, մօտաւոր անցեալին, Կրօնական ժողովի որոշման հիման վրայ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի համատեղ ստորագրութեամբ, պատրիարքական ընտրութեան համար պաշտօնական դիմում-նամակ մը յանձնուած էր Իսթանպուլի կուսակալութեան։ Նամակը ստանձնած էր կուսակալ Ալի Եէրլիքայա, որ յայտնած էր, թէ արագ արձագանգ մը պիտի ապահովուի։ Մինչ այդ դիմում-նամակի պատասխանի սպասման մթնոլորտին մէջ է մեր համայնքը, գործնականօրէն իշխանութիւններուն առաջին արձագանգը արդէն հասած է երէկուան բարձր մակարդակի այցելութիւնով։ Այսպէսով նախ  բանաւոր ձեւով Պատրիարքական Աթոռին ու համայնքին տեղեկացուած են պետութեան կողմէ որդեգրուած մօտեցումները՝ պատրիարքական ընտրութեան կապակցութեամբ։ Ինչպէս Պատրիարքարանի զեկոյցին մէջ ալ նշուած է բացայայտօրէն, պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը յառաջ պիտի տարուի տեղապահի մը վերահսկողութեան ներքեւ։ Կրօնական ժողովի վերջին նիստէն առաջ նախընտրական գործընթացի ղեկավարման խնդրին շուրջ հասարակաց մօտեցում մը, միանշանակ վերաբերմունք մը չէր գոյացած հոգեւորականաց դասէն ներս։ Ուստի, յաչս պետութեան կատարուած դիմումն ալ այդ տեսակէտէ որոշ չափով պղտոր էր ու կը սպասուէր պետութեան արձագանգին՝ համապատասխան հայեացքով յառաջ տանելու համար գործընթացը։ Հիմա արդէն այս բոլոր հարցերը բիւրեղացած են՝ նախարար Սօյլուի երէկուան այցելութեան լոյսին տակ։ Յառաջիկայ շրջանին պիտի ընտրուի պատրիարքական տեղապահ մը եւ այս նպատակով պիտի գումարուի Եկեղեցականաց համագումար։ Ինչպէս ծանօթ է, յունիսի 23-ին նախատեսուած են Իսթանպուլի քաղաքապետի ընտրութիւնները։ Մինչ այդ, Պատրիարքական Աթոռի կառավարման այժմու դրութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն պիտի չըլլայ։ Իսկ յունիսի 23-էն անմիջապէս վերջ ընտրական աշխատանքները թափ պիտի ստանան, մինչ զուգահեռաբար պատկան մարմիններու գրաւոր պատասխանն ալ պիտի ուղարկուի Պատրիարքարան։ Այդ պատասխանը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի բովանդակէ պատրիարքական ընտրութեան համար կանոնադրութիւն մը, պիտի յստակեցնէ համապատասխան ընթացակարգը։ Նոյն ամբողջին մաս պիտի կազմէ տեղապահի ընտրութիւնը։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, երէկուան հանդիպման ընթացքին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդգծած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը մշտական կանոնադրութիւնով մը օժտելու անհրաժեշտութիւնը։ Նախարար Սօյլու ուշադրութեամբ ընկալած է այդ մատնանշումը եւ զրոյցի շարունակութեան բոլորը համամիտ գտնուած են, թէ սա պիտի ըլլայ նոր՝ 85-րդ պատրիարքի առաջնահերթ մարտահրաւէրներէն մին։

Նախարար Սօյլուի երէկուան այցելութենէն վերջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Կրօնական ժողովի անդամները անպաշտօն խորհրդակցութիւն մըն ալ ունեցան Գումգաբուի մէջ՝ ամփոփ գիծերու մէջ արժեւորելով ստեղծուած իրավիճակը։

Յառաջիկայ շրջանին թէեւ թափ պիտի ստանան գործնական աշխատանքները, սակայն նախարարի երէկուան այցելութիւնը եկած է երաշխաւորել, որ մեր համայնքը պիտի կարողանայ աւանդական ձեւով, Հայ Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնաց ու մեր Պատրիարքութեան նախընթացներուն համաձայն ընտրել իր նոր հոգեւոր պետը։

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2019