ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԵՏ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փութին քննարկեցին Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակը եւ մասնաւորապէս կանգ առին Իտլիպի վերջին մտահոգիչ իրադարձութիւններուն վրայ։ Արդարեւ, Իտլիպ թէեւ դասուած է Սուրիոյ լարուածութենէ զերծ գօտիներուն մէջ, սակայն վերջին շաբաթներուն հրադադարի խախտումները հասած են մտահոգիչ համեմատութիւններու։ Էրտողան Փութինի նկատառման յանձնած է, որ վարժարաններու եւ հիւանդանոցներու թիրախաւորումը անկարելի է բացատրել ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ։ Ըստ իրեն, Սուրիոյ վարչախումբի նպատակն է Իտլիպի պարագային Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութիւնը խափանարարել, վնաս հասցնել Աստանայի ոգիին, ինչ որ ռիսք կը ստեղծէ քաղաքական կարգաւորման գործընթացի ընդհատման համար։

Էրտողան նշած է, որ ցայսօր Սոչիի վերջնագրի գործադրութեան ուղղութեամբ կարեւոր ճանապարհ հատուած է, սակայն վերջին իրադարձութիւնները կրնան վնաս հասցնել հասարակաց նպատակներուն։

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2019