ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ԿԱՐՃ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ կարճատեւ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Հարկ է նշել, որ երկու ղեկավարները Պրիւքսելի մէջ կը գտնուէին մասնակցելու համար Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեայ յոբելեանին ձօնուած պաշտօնական ընթրիքին։

«Ես եւ պարոն Ալիեւը ընթրիքի ընթացքին կարճ զրոյց մը ունեցանք։ Սա ընդհանուր խօսակցութիւն էր Լեռնային Ղարաբաղի ընթացիկ իրավիճակին մասին։ Ես վստահ եմ, թէ բանակցային գործընթացը կը շարունակուի եւ հիմա շատ կարեւոր է բանակցային սեղան վերադարձնել Լեռնային Ղարաբաղը։ Անհնար է այս հակամարտութեան կարգաւորման հասնիլ առանց Ղարաբաղի», տեղեկացուց այս կապակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեան։ Անդրադառնալով ապագայ նոր հանդիպման հաւանականութեան՝ Փաշինեան ընդգծեց, որ առայժմ յստակ ծրագրեր չկան։

ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու ղեկավարներու պաշտօնական ընթրիքէն առաջ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հաւաքի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ կարեւորեց Եւրոմիութեան շարունակական աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին նկատմամբ։ Մինչ այդ, նախարար Զօհրապ Մնացականեան Պրիւքսելի մէջ կարճատեւ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ «Գագաթաժողովի շրջանակէն ներս կայացաւ կարճ հանդիպում մը։ Նախարարները միայն ձեռք սեղմեցին։ Հայկական եւ ատրպէյճանական պատուիրակութիւններու պաշտօնական բանակցութիւններ ծրագրուած չեն» հաղորդեցին Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները։

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2019