ՆՈՐ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքացիներու տեղափոխման ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին։ Միջոց մը առաջ Հայաստանի կառավարութեան գանձատրումով, ցամաքային ճանապարհով Թուրքիայէն Հայաստան մեկնած էին խումբ մը հայեր։ Հայաստանի Հանրապետութեան այդ քաղաքացիները համաճարակի մթնոլորտին մէջ Վրաստանի վրայով հասած էին իրենց հայրենիքը։ Այդ ժամանակ ալ արդէն յայտնի էր, որ Թուրքիոյ մէջ մնացած եւ հայրենիք վերադառնալու փափաք ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները միայն այդքան չեն։ Ուստի, մնացեալ մարդոց շարքին վերադառնալու փափաք ունեցողներու համար ճամբորդական աշխատանքները կը շարունակուին՝ համապատասխան նախապատրաստութիւններով։ Նկատի ունենալով, որ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ գոյութիւն չունին՝ կազմակերպչական աշխատանքները կ՚ընթանան բացառիկ պայմաններու ներքեւ։ Պաշտօնական հարթութեան վրայ մարդասիրական մօտեցում կը ցուցաբերուի, իսկ գործնական աշխատանքը վստահելի անձերու միջոցաւ կը տեսնուի՝ անհրաժեշտ խրախուսանքով։ Վերադառնալ փափաքողներու ցուցակագրումը եւ ուղեւորութիւնը կազմակերպելու համար մեծ դեր ստանձնած է գործարար Գագիկ Մուշեղեան։ Այս վերջինը կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ, երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղի գործարարութեամբ եւ ներկայ իրավիճակին մէջ մարդասիրական հիմքով պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ Հայաստանի քաղաքացիներու վերադարձը կազմակերպելու նպատակով։ Թէ՛ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը եւ թէ որոշ հարցերու մէջ Պատրիարքարանը կը ջանան դիւրացնել իր գործը։ Այժմու կանխատեսումներով, յառաջիկայ շաբթուան մէջ, 20 մայիսին Իսթանպուլէն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու նոր խումբ մը ճանապարհ դուրս պիտի գայ դէպի Երեւան՝ օթօպիւսներով։
Բաց աստի, երկու երկիրներու միջեւ համաճարակի մթնոլորտին մէջ օդային ճանապարհով քաղաքացիներու փոխանակման ծրագիր մըն ալ հասունցած է վերջին շրջանին։ Այսպէս, 18 մայիսին պիտի իրականացուի Երեւան-Իսթանպուլ-Երեւան թռիչք մը։ Չարթըրի կարգավիճակով այս թռիչքը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի իրականացուի հայկական օդանաւի մը կողմէ։ Երեւան-Իսթանպուլ թռիչքին պիտի մասնակցին միայն Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներ, որոնք համաճարակի ներկայ շրջանին մնացած են Հայաստանի մէջ։ Իսկ Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքին պիտի ընդունուին միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ, որոնք համավարակի շրջանին մնացած են Թուրքիոյ մէջ։ Այս թռիչքի վերաբերեալ կոչերն ու տեղեկութիւնները առաւել չափով տարածում գտած են ընկերային ցանցերու վրայ։ Թռիչքը իրականացնել կը պատրաստուի «Azizsurptour» ընկերութիւնը։
Ինչպէս ծանօթ է, համաճարակէն որոշ ժամանակ առաջ, անցեալ տարուան վերջին ամիսներուն արդէն Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները դադրած էին՝ զանոնք իրականացնող «Atlas Global» ընկերութեան սնանկացման հետեւանքով։