ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
«Ետիթեփէ» համալսարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երկու զուգահեռ ցուցահանդէսներու բացումը։ Համալսարանի Եւրոպայի աշխատանքներու կաճառի տնօրէն փրոֆ. Սուաթ Կեզկինի գլխաւորութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն էր այս մէկը։ «Օսմանեան պետութեան մէջ գաղափարի ու մտքի ազատութիւն. բազմալեզու մամլոյ կեդրոնը՝ Իսթանպուլ» եւ «Թէրճիւմանը Ահվալէն մինչեւ մեր օրերը թուրք մամլոյ պատմութեան մէջ գաղափարի հոսանքը» խորագրեալ այս երկու շահեկան ցուցահանդէսները բացուած են՝ համատեղ ծրագրի մը ձեւաչափին մէջ։ Ետիթեփէի համալսարանի Գեղարուեստից ֆաքիւլթէի բաժանմունքի յարած տարածքին մէջ զետեղուած էին ցուցադրը-ւած առարկաները, որոնք իսկապէս ուշադրութեան առարկայ կը համարուին հետաքրքիրներու տեսակէտէ։ Համալսարանի հաղորդակցութեան բաժնի ակադեմականներն ալ մասնակցած էին կազմակերպչական աշխատանքներուն։
Այս ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած են շարք մը հայկական պատմական թերթեր, որոնց շարքին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առընթեր կը գտնուին՝ «Արեւելք», «Օրագիր», «Մեղու», «Մասիս», «Ճէրիտէի Շարգիյէ», «Թէրճիւմանը Էֆքեար»։ Այս երկու վերջինները հայատառ թրքերէն թերթեր են։ Ցուցահանդէսի մէջ նմոյշները ընդգրկուած պատմական հայկական թերթերէն միայն ԺԱՄԱՆԱԿ կը շարունակէ լոյս տեսնել ցայսօր։ Ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած է թերթիս 30 հոկտեմբեր-12 նոյեմբեր 1908 թուականի թիւը։ Սա ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 14-րդ համարն է, որու առաջին էջին վրայ գրեթէ ամբողջութեամբ տեղ գտած է Գրիգոր Զօհրապի կողմէ հեղինակուած յօդուած մը՝ «Ի՞նչ կը սպասէ հայը Օսմանեան խորհըր-դարանէն» վերնագրով։
Ցուցահանդէսի երէկուան բացման մասնակցեցան նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ խմբագրութեանս խորհրդականներէն Այլին Գօչունեան։
Ցուցահանդէսի բացման փուլին ելոյթներով հանդէս եկան փրոֆ. Սուաթ Կեզկին եւ «Ետիթեփէ» համալսարանի պատուոյ նախագահը՝ Պետրետտին Տալան, որ կը գտնուի գլուխը «Իսթեք վաքֆը»ին, որու հովանաւորութեան ներքեւ կը գործէ այս համալսարանը։