ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան երկու խանդավառ հանդէսներ, որոնցմէ մին ձօնուած էր Մայրերու օրուան, իսկ միւսը՝ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնին։
Մայրերու օրուան համար կազմակերպուածը «Լոկ մայրն է այժմ խիղճն հայրենիքիս» նիւթով ծրագրուած գրական-երաժշտական ցերեկոյթի մը ձեւաչափին մէջ էր։ Պատրաստութիւնները վերահսկած էին վարժարանի ուսուցչական կազմէն Լիլիթ Պօղոսեան, Յարութիւն Գէորգեան եւ Հրանդ Չիզմէճեան։
Փոքրիկներու ընթերցման տօնին ժամանակ ալ հնչեցին երգեր եւ ասմունքներ։ Այս հանդէսը, ըստ էութեան, հայոց գիրերու եւ հայոց լեզուի փառաբանութիւնն է։ Առաջին դասարանի փոքրիկներու ծնողներուն տեսակէտէ, բնականաբար, առանձնայատուկ ուրախութեան առիթ դարձաւ ընթերցման տօնը։ Շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, որ բարձր գնահատանքով ու երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ դասավար Տօնարա Պեպուրեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Տնօրէնուհին ջերմօրէն ողջունեց նաեւ հայոց գիրերը սերտած փոքրիկները։