ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցան երկու կարեւոր ժողովներ։ Այսպէս, Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստը՝ նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ ատենապետութեամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Մինչ այդ, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) արտահերթ ժողովը։ Նկատի ունենալով, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ճամբորդութեան մէջ է՝ ժողովը գլխաւորեց Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան։ Արտահերթ այս ժողովը տեւեց շուրջ չորս ժամ։ Նոյնաժամանակ տեղի ունեցած այս կարեւոր խորհրդակցութիւններէն վերջ, գիշերուան ժամերուն հոգեւորականաց դասուն եւ աշխարհական վարիչներուն ներկայացուցիչները մէկտեղուելով կարծիքներ փոխանակեցին միասնաբար։
Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ հայկական հարցին շուրջ առնուած որոշումը, այս կապակցութեամբ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած բողոքի հուժկու ալիքը եւ նոյն մթնոլորտին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին կողմէ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին ուղարկուած նամակն ու համայնքէն ներս այդ նամակին ստեղծած արձագանգները՝ այս շրջանին յեղաշրջած են թրքահայութեան օրակարգը։ Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ է, որ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցան յիշեալ երկու կարեւոր ժողովները։ VADİP-ի արտահերթ ժողովը դռնփակ էր։ Շուրջ չորս ժամ տեւողութեամբ համայնքային վարիչները փորձեցին արժեւորել իրադարձութիւնները։
Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, VADİP-ի համակարգման խորհուրդի անդամները նախ նիստի մասնակիցներուն բացատրեցին, թէ ինչ իրադարձութիւններ տեղի ունեցած էին մինչեւ երէկուան ժողովին կազմակերպումը եւ ինչպիսի շփումներու մէջ գտնուած էին Պատրիարքական Աթոռին հետ։ Երկարատեւ ժողովի տեւողութեան միջոց մը Պէզճեան սրահ այցելեց Կրօնական ժողովի ատենադպիր Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Կրօնական Ժողովը կ՚աշխատէր զեկոյցի մը նախագածին վրայ։ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան այդ բանաձեւը ի գիտութիւն ներկայացուց VADİP-ի ժողովականներու ուշադրութեան եւ անոնց տպաւորութիւններն ալ լսելէ վերջ վերադարձաւ Պատրիարքարան։ Թեր ու դէմ երկարատեւ կարծիքներու փոխանակումէն վերջ բազմաթիւ վարկածներու քննարկումներու լոյսին տակ՝ VADİP-ի ժողովականներն ալ համաձայնութեան հասան զեկոյցի մը հրապարակման շուրջ։ Այդ զեկոյցի նախագիծը պատրաստելու համար պատասխանատուութիւն ստանձնեցին կարգ մը ժողովականներ. ինչպէս՝ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան, VADİP-ի ատենադպիր եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ այլք։
Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, հոգեւորականաց դասուն եւ աշխարհական վարիչներու ներկայացուցիչներուն միջեւ թէեւ ընդհանուր առմամբ լիարժէք համաձայնութիւն մը չէ գոյացած զեկոյցներու բովանդակութեան եւ շեշտադրումներուն առընչութեամբ, սակայն բոլորը համակարծիք գտնուած են, թէ համայնքէն ներս պառակտման մը տպաւորութիւնը պէտք է անպայման կանխուի։ Կէս գիշերը անց զեկոյցներու վրայ տարուած աշխատանքը ընդհատուած է՝ գիշերուան յառաջացած ժամուն պատճառով։ Այդ աշխատանքները վերսկսած են այս առաւօտ։ Ըստ երեւոյթին, Կրօնական ժողովը կը նախընտրէ իր զեկոյցը հրապարակել VADİP-ի յայտարարութեան բովանդակութեան վերահասու դառնեալէ վերջ։ Բայց եւ այնպէս, VADİP-ի զեկոյցի բովանդակութեան վրայ տարուած աշխատանքները, ըստ երեւոյթին, անկախատեսելիօրէն երկարած են։ VADİP-ի արտահերթ ընդհանուր ժողովի արձակման փուլին, ժամը շուրջ 22.00-ին, զեկոյցը շարադրելու պատասխանատուութիւնը ստացած ներկայացուցիչները ժողովականներուն խոստացած են այս առաւօտ երէկուան նիստի արդիւնքին շուրջ յայտարարութիւն մը փոխանցել մամուլին։ Այդ կանխատեսումները չեն արդարացած՝ նկատի ունենալով, որ մինչեւ գրեթէ կէսօրուան ժամերը այսօր VADİP-ի անունով ոչինչ փոխանցուած է մամուլին։ Հաւանական է, որ օրուան տեւողութեան Կրօնական ժողովին կամ VADİP-ին կողմէ հրապարակուին զեկոյցներ, սակայն ըստ դէպքերու ընթացքին՝ այս պահու դրութեամբ ի զօրու ըլլալ կը թուի ամէն վարկած։