Կառավարութիւնը պատրաստութիւն կը տանի ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Փոխ-վարչապետ Նուրետտին Ճանիքլի յայտարարեց, որ կառավարութիւնը պատրաստութիւններ յառաջ կը տանի Գերմանիոյ դէմ պատժամիջոցներու գործադրութեան համար։
Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը օգտագործելու ուղղութեամբ Գերմանիա վերջին շրջանին պահանջ ներկայացուցած է Թուրքիոյ։ Նուրետտին Ճանիքլի երէկ այս կապակցութեամբ յայտարարեց, թէ ճիշդ է նման պահանջի մը Անգարա հասած ըլլալը, սակայն այս կապակցութեամբ որոշում մը չէ տրուած։ Մնացեալ բոլոր արժեւորումները զուտ խօսակցութիւններէ կը բաղկանայ։
Փոխ-վարչապետին խօսքերով, հայկական հարցին շուրջ Գերմանիա տխուր որոշում մը ընդունած է։ Այս կապակցութեամբ ձեռք առնուելիք նախազգուշական միջոցներուն շուրջ աշխատանքները ընթացքի մէջ են։ Բնականաբար այս նուրբ նիւթին առընչութեամբ աշխատանքները չեն կատարուիր հրապարակաւ։ Անկարելի է, որ Թուրքիա անտարբեր մնայ Գերմանիոյ կողմէ առնուած այդ որոշման դէմ։ «Թէ ի՞նչ կարելի է ընել, հնարաւոր կրնա՞յ դառնալ այդ որոշման վերացումը, առաջին հերթին այս նպատակին ուղղեալ աշխատանքներ կը տարուին պատկան մարմիններուն կողմէ», ըսաւ Նուրետտին Ճանիքլի։