ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄ

Էսթոնիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սվէն Միքսէր երէկ պաշտօնական այցելոււթիւն մը տուաւ Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Սվէն Միքսէր օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին շեշտուեցաւ, որ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները աւելցնելու մեծ ներուժ մը գոյութիւն ունի երկու երկիրներուն միջեւ։

Եդուարդ Նալպանտեան եւ Սվէն Միքսէր Երեւանի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ հիւր նախարարը ընդգծեց Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ մուտքի արտօնութիւններու դիւրութեան շուտով ազատականացման կարեւորութիւնը։ Միքսէր յոյս յայտնեց նաեւ, թէ Նոյեմբերին ստորագրուած կը տեսնեն՝ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նոր համաձայնագիրը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2017