«ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՄԵՐԺԷ 1915-Ի ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՈՐԴԵԳՐՈՒԱԾ ԱՄԲՈԽԱՎԱՐԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ»

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Իվ լը Տրիանը։ Երկու նախարարները ծաւալուն բանակցութիւններ վարեցին Անգարա-Փարիզ համատեղ օրակարգի բազմակողմանի խնդիրներուն շուրջ։ Անոնք Անգարայի մէջ սարքեցին նաեւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ հայկական հարցը։ Հարկ է նշել, որ անցեալ փետրուարին Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի տնօրինութեամբ ապրիլի 24-ը երկրէն ներս հռչակուած էր Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ Ֆրանսայի կողմէ որդեգրուած ամբոխավարական եւ քաղաքական դիրքորոշումը բացարձակապէս մերժելի է Թուրքիոյ տեսակէտէ։ «Ակնյայտ է, որ նման դիրքորոշումները օգուտ չեն ապահովեր մեր յարաբերութիւններուն», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ 24 ապրիլի յիշատակութեան օր հռչակումը խոտոր կը համեմատի Ֆրանսայի Սահմանադրութեան խորհուրդին եւ Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանին կողմէ առնուած որոշումներուն։ «Եթէ Հայաստան ինքզինքին կը վստահի, ապա թող ընդունի մեր համատեղ աշխատանքային խումբ ստեղծելու առաջարկը։ Այդ մէկուն մէջ թող ըլլայ Ֆրանսան, Ռուսաստանը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Հայաստան ո՛վ որ կ՚ուզէ, թող ըլլայ։ Բանանք արխիւները», ըսաւ Չավուշօղլու։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը մատնանշեց, որ նման աշխատանքային խումբի մը յանգելիք եզրակացութիւնը ընդունելի պիտի ըլլայ Թուրքիոյ տեսակէտէ։ «Սակայն այս գիտական աշխատանքներու մերժումով առնուած ամբոխավարական որոշումներն ալ կը մերժուին մեր կողմէ», ըսաւ նախարարը։ 

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019