ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ
Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Եւորմիութիւն-Հայաստան Գործընկերութեան խորհուրդի երկրորդ նիստը։ Այս առթիւ խորհուրդը վերահաստատեց ԵՄ-ի եւ Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ արդիւնաւէտօրէն գործադրելու համար Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը։ Այս յաւակնոտ համաձայնագիրը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ Հայաստանի արդիականացման ուղղութեամբ, մասնաւորապէս բազմաթիւ ոլորտներու մէջ ԵՄ-ի չափանիշներուն օրէնսդրական համապատասխանեցման միջոցաւ։ Խորհուրդը ընդգծեց օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւանց նկատմամբ յարգանքի կարեւոր նշանակութիւնը, ինչ որ կը ներառնէ անկախ, արդիւնաւէտ եւ թափանցիկ արդարադատութեան համակարգը։
Երէկուան ժողովին նախագահեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ Եւրոպական կողմը ներկայացուց ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի։
Գործընկերութեան խորհուրդը երէկ Պրիւքսելի մէջ քննարկեց նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային հարցեր։ ԵՄ վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերը։ ԵՄ պատրաստակամ է աջակցելու հակամարտութեան ջրբաժանի յաղթահարման եւ ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն։ Սուրիոյ տագնապին շուրջ խորհուրդը յայտնեց իր ամուր աջակցութիւնը ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնացի գործունէութեան ի նպաստ՝ Ժընեւի մէջ Սուրիոյ ներքին ուժերու բանակցութիւններու վե-րըսկսման կապակցութեամբ։ Հայաստան հաստատեց իր մտադրութիւնը՝ շարունակելու տեղւոյն վրայ Սուրիոյ ժողովուրդին տրամադրել մարդասիրական օգնութիւն, ինչպէս նաեւ սերտօրէն աշխատիլ շահագրգիռ բոլոր կողմերուն հետ՝ Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած անձերու կենսապայմաններու բարելաւման նպատակով։ Եւրոպական կողմը հաստատեց, որ կը շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ ժողովուրդին թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ երկրի սահմաններէն դուրս։ Իրանի հարցին շուրջ ԵՄ եւ Հայաստան հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի ամբողջական եւ արդիւնաւէտ շարունակական իրագործման։ Թուրքիոյ պարագային ԵՄ վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ։ Եւրոպական կողմը շեշտեց երկու երկիրներու՝ այդ գործընթացին առանց նախապայմաններու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը։ Հայաստան վերահաստատեց Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղեալ իր՝ վաղուց յայտնի դիրքորոշումը։
Բացի բանակցութիւններէն, Զօհրապ Մնացականեան եւ Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ Պրիւքսելի մէջ ունեցան նաեւ առանձին հանդիպում մը։ Երկկողմանի օրակարգի հարցերու քննարկման առընթեր այս տեսակցութեան ընթացքին եւս կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով հարցերու շուրջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, եւրոպացի յանձնակատարի խնդրանքին ընդառաջ Մնացականեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները։ Ան ընդգծեց հաշտութեան գործընթացը յառաջ մղելու տեսակէտէ բարենպաստ միջավայրի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը եւ այս ամբողջին մէջ կարեւորեց հրադադարի անվերապահ պահպանումն ու ամրապնդումը։ Կողմերը արժեւորեցին վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու եւ ժողովուրդներու խաղաղութեան նախապատրաստման պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը։ Ֆետերիքա Մոկերինի վերահաստատեց ԵՄ-ի աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կողմէ հիմնախնդրի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուած ջանքերուն ի նպաստ։