Կիրակի 29, Դեկտեմբեր 2024
ՄԱՐՏԻՆԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԹՈՒՄԱ ՉԵԼԻՔ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ ԲԵՐԱՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ
Մարտինի երեսփոխան Թումա Չելիք Ազգային մեծ ժողովի օրակարգին վրայ բերաւ ասորիներու ենթարկուած կոտորածներու խնդիրը։ ՀՏՓ-ական պատգամաւորը խորհրդարանի դիւանին ներկայացուց առաջարկ մը, որպէսզի ուսումնասիրուին համապատասխան պաշտօնական փաստաթուղթերը, ի յայտ բերուին շարունակուող ազդեցութիւնները եւ առիթ մը ստեղծուի անցեալի հետ առերեսման համար։
Երեսփոխան Թումա Չելիքի կողմէ ներկայացուած առաջարկին մէջ ընդգծուած է, որ 1915 թուականէն սկսեալ հարիւր հազարաւոր ասորիներ սպաննուած եւ աքսորուած են։ Ասորիները այդ դէպքերը կ՚անուանեն՝ «Սայֆօ»։ Թումա Չելիք մատնանշած է, որ դարերէ ի վեր շատ լայն աշխարհագրութենէ մը ներս գոյատեւած ասորական մշակոյթի բոլոր առումներով տուժելուն, վնասուելուն պատճառ դարձած են այդ սպանդներն ու աքսորները։
Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019