ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԺԱՄԿԷՏՈՎ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Գերիներու ծանրակշիռ հարցը նոր չէ։ Հայաստանի լայն հասարակութեան համար սա առանցքային խնդիր է պատերազմէն ի վեր։ Հարցը ունի մարդկային ցաւի երեսակ։ Մինչեւ հիմա ալ աւելի քան հարիւրյիսուն ընտանիքներ եւ անոնց շրջանակները ուղղակի մտահոգութեան եւ մտատանջութեան մէջ են։ Անկախ մարդկային երեսակէն՝ մեծ դժբախտութիւն է, որ մինչեւ հիմա անյստակ եւ անորոշ մնացած գերիներու հարցը ինչ-որ առումով ունի քաղաքական ենթախորք։

Խնդրին քաղաքական պրիսմակով նայելու հանգամանքը ամենէն աւելի մարմին կը ստանար Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով փողոց իջած ընդդիմութեան յայտնի դէմքերէն Արթուր Վանեցեանի կողմէ հնչեցուած բաւական ինքնավստահ յայտարարութիւններէն ետք։ Ան  անցեալ մարտին յայտնած էր, որ իշխանութեան գլուխ գալու պարագային ինք շատ արագ կերպով ազատութեան պիտի հասցնէ այն գերիները, որոնք Պաքուի բանտերուն մէջ կը գտնուին։ Նոյն օրերուն էր նաեւ, որ գերիներու հարցը մեծ աղմուկի առիթ կը հանդիսանար եւ անոնց ընտանիքները զանազան առիթներով ճանապարհներ կը փակէին՝ պահանջելով իրենց հարազատներու ապահով տունդարձը։ 

Փողոցի լարուածութիւնը կը լռէր պահու մը համար, երբ այս անգամ օրակարգի վրայ կու գար արտահերթ ընտրութեան հարցը։ Արդարեւ, թէ՛ ընդդիմութեան եւ թէ իշխանութեան համար կարեւոր ու անհրաժեշտ էր այն արտահերթ ընտրութիւնը, որ արդէն յառաջիկայ կիրակի տեղի պիտի ունենայ։ Գերիներու տունդարձի հարցը որոշ չափով մարած էր՝ մինչեւ Փաշինեանի բերնէն հնչած անտրամաբանական եւ նոյնիսկ իր մէջ «մանիփիւլաթիվ» տարրեր կրող այդ յայտարարութիւնը, որ կատարուեցաւ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ։ Իբրեւ թէ առաջարկ մըն էր այդ մէկը, որով Նիկոլ Փաշինեան պատրաստ էր իր որդին՝ Աշոտը «տալ» Պաքուին, որպէսզի Հայաստան «ստանար» իր գերեվարուած զինուորները։ Այս ելոյթը, որ մեծ քննարկումներու ու նաեւ քննադատութիւններու դուռ բացաւ, «յանգեցուց»  զարմանալի վիճակի մը։ Շաբաթավերջին Ատրպէյճան 15 հայ գերի ազատեց։ Ու հոս է նաեւ, որ մեծ հարցադրում մը կը ծագի։ Արդեօք սա կարելի՞ է պատահականութիւն համարել։ 

Լուրը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ նախ «Սփութնիք» ռուսական գործակալութեան կողմէ։ Ապա նախընտրական հանրահաւաքի մը ընթացքին այդ լուրը հաստատուեցաւ Փաշինեանի կողմէ, որ  դիմատետրի իր էջին վրայ ալ տեղադրեց գերիներու լուսանկարները։ Վրաստանի վրայով, ցամաքային ճանապարհով, գերիներու հանրակառքի Հայաստանի սահմանը հատելը կը ցոլացնէր այդ դրուագը։ Ինչքան որ ալ խօսուի, թէ սա տքնաջան եւ երկու-երեք ամիս տեւած բանակցութեան ու ճիգի արդիւնք է՝ անզէն աչքով կ՚երեւի այդքանով սահմանափակ չըլլալը։ Անոնք, որոնք  սառն հայեացքով կը դիտարկեն իրադարձութիւնները, մեծ հաշուով՝ գերիներու ազատութեան օրակարգը, կը մատնանշեն, որ այս ձեռքբերումը ունի նախընտրական խորք մը՝ շատեր ընդունին կամ ոչ։ Թէ ի՞նչ իրադարձութիւններ կ՚ակնկալւին կամ ի՞նչ որակի քաղաքական արշաւի դրօշներ կը պարզուին յառաջիկայ օրերուն, տակաւին յայտնի չէ։ Սակայն անզէն աչքով կ՚երեւի, որ վերջին օրերուն Փաշինեանի եւ անոր ամբողջ իշխանախումբին ապրած «նահանջի ժամացոյց»ը պահու մը համար կանգ առաւ ու գերիներու վերադարձը տեղ մը նպաստեց, որ այդ նահանջը թաւալգլոր դէպի խորագոյն վիհ չտանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը։ Թէ ի՞նչ օրինաչափութիւններու կրնայ տանիլ այս գերիներու վերադարձը, դեռ պարզ չէ։ Խորքին մէջ, սա վերադարձած գերիներու երկրորդ խումբն է։ Բացառուած չէ, որ Ակնայի (Աղտամ) շրջանի ականապատուած տարածքներու քարտէսը Պաքուին փոխանցած Փաշինեան կրնայ նաեւ այլ բաներ ալ խոստացած ըլլալ եւ անոնց փոխարէն «արդար» հատուցում ստանալ։

Երկրորդ կարեւոր եւ հիմնական երեւոյթն է, որ թէ՛ Փաշինեանի եւ թէ անոր բանբերին՝ Մանէ Գէորգեանի բերնէն լսուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն ուղղուած մեծ շնորհակալութեան խօսք մը։ Սա բոլորովին նոր վիճակի մը մասին կը խօսի։ Այս օրերուն իսկ ժամադրուած են ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի նախագահները։ Այս կարեւոր գագաթաժողովի լոյսին տակ մեկնաբաններ հաւանական կը համարեն, որ Փաշինեան փափաքած է ամերիկացիներուն պատգամ մը յղել։ Այդ պատգամը կրնայ պարունակել «այս կողմ հրամեցէք»ի նման մօտեցումներ, որոնք Մոսկուայի կողմէ նախ եւ առաջ պիտի ընկալուին՝ որպէս կրակոց ու «մերձաւորի դաշիւնահարում»։ Թէեւ ամերիկեան կողմէն Հարաւային Կովկասի նկատմամբ ցարդ լուրջ քայլեր չեն նկատուիր, սակայն, նոյնպէս հնարաւոր է, որ նոր ընթացք առած եւ «մեղմ պաղ պատերազմի» մը բնոյթը ստացած երկու ռուս-ամերիկեան մրցակցութեան կանոնները մէկ օրէն միւսը փոխուին։ 

Հարկ է անպայման շեշտադրել, որ Փաշինեան սպառած ըլլալով իր ներքին ներուժը՝ կը փորձէ դուրս գալ դէպի այլ «ազատ» բացատներ ու այդ հարթութեան պայմանաւորուածութիւնները ինչ-որ չափով ծառայեցնել իր քարոզչական նպատակներուն՝ շաբաթավերջին ընտրութեան ընդառաջ։ Թէ ինչքանո՞վ կը յաջողի ան՝ ցարդ պարզ չէ, սակայն աւելի քան յստակ է, որ Ռուսաստանի դէմ առնուած քայլ մըն է այս մէկը։ Մոսկուայի համար անմարսելի, լեղի ու խակ պտուղ մը, որու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Փաշինեանին։

Ան կրնա՞ր այս ձեւով չվարուիլ ու աւելի վաղ իրականացնել այս «գործարք»ը, կամ աւելի ուշ ի կատար ածել այդ մէկը։ Պատասխանը թէեւ այո կրնար ըլլալ, սակայն, տխուր է, որ այսքան ծանր հետեւանքներու պատճառ դառնալէ վերջ, Փաշինեան տակաւին չէ հասկցած իր չափը եւ անտեղեակ է, թէ որո՛նք են Հայաստանի իրական դաշնակիցները։

*

Արցախի երկրորդ պատերազմի յաջորդած իրավիճակին մէջ, Հայաստան-Ատրպէյճան առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ, ամիսներէ ի վեր օրակարգի գլխաւոր ցաւոտ հարցը կը մնայ գերիներու վերադարձը։ Հրադադարի համաձայնութեան մէջ թէեւ յստակօրէն շեշտուած է այս բանը, սակայն Ատրպէյճան միշտ կը յապաղեցնէ գործնական քայլերը։ Երեւան ամիսներէ ի վեր Պաքուն կը մեղադրէ գերիներու վերադարձի հարցը քաղաքականացնելով։ Բայց եւ այնպէս, խնդրի քաղաքականացման պարագաները այդքանով սահմանափակուած չեն։ Հայաստանի ընդդիմութիւնը ամիսներէ ի վեր արդէն ներկայացուցած է, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարչախումբը որքան տկարութիւն եւ թերացում կը ցուցաբերէ՝ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ շարունակելով աններելի սխալները։ Երկրի մատնուած քաղաքական տագնապին զուգահեռ՝ Փաշինեանի վարչախումբի հիմնական առաջնահերթութիւնը դարձած է իշխանութիւնը պահելը։ Երկրի ընդդիմութիւնը ամիսներ առաջ կանխատեսումներ կը կատարէր, թէ անխուսափելի կանխահաս ընտրութեան սեմին Փաշինեան իր քարոզչական նպատակներուն կրնար ծառայեցնել գերիներու հարցը։ Աւելի՛ն, Պաքու կողմնակից ըլլալով Երեւանի մէջ Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ մնալուն՝ կրնար նպաստել այդ բեմագրութեան։ Շաբաթավերջին տեղի ունեցան գերիներու վերաբերեալ կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնք եկան հաստատել այդ կասկածները՝ զուտ իրենց ժամկէտին առումով։ Արդարեւ, Ատրպէյճան ազատ արձակեց 15 հայ ռազմագերի։ Այս իրադարձութիւնը Փաշինեանի նախընտրական քարոզարշաւին տեսակէտէ կարեւոր խթան մը դարձաւ։ Ան այս «խաղաքարտ»ը առաջին իսկ պահէն սկսաւ օգտագործել անվերապահօրէն։ Փաշինեան մեծ ոգեւորութեամբ պնդեց, որ նոր գործընթաց մը սկսած է եւ բոլոր գերիները պիտի վերադառնան։

Ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ ամենայատկանշական արձագանգը հնչեց Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի բերնէն։ Իր գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութիւնը շաբաթավերջի ընտրութեան պիտի մասնակցի՝ Արթուր Վանեցեանի «Հայրենիք» կուսակցութեան հետ կազմած «Պատիւ ունիմ» դաշինքով։ Սերժ Սարգսեան հարց տուաւ, որ եթէ ականապատուած տարածքներու քարտէսներուն փոխարէն հնարաւոր էր գերիներու վերադարձը ապահովել, ապա Փաշինեան ինչո՞ւ ութ ամիս սպասած էր։ Ուստի, ըստ իրեն, ակնյայտ է, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ «փաս»եր (գնդակի փոխանցումներ) կը կատարեն իրարու միջեւ։

Պաշտօնապէս յայտարարուած է, որ գերիներու վերադարձին համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջնորդ հանդիսացած են Միացեալ Նահանգներ եւ Վրաստան։ Թէ՛ Ուաշինկթընէն եւ թէ Թիֆլիզէն կատարուեցան համապատասխան յայտարարութիւններ։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն ողջունեց 15 հայ գերիներու ազատ արձակուիլը։ Ան Վրաստանի կառավարութեան ալ շնորհակալութիւն յայտնեց՝ այս հարցին շուրջ կողմերու միջեւ երկխօսութիւն իրականացնելու ուղղութեամբ ստանձնած կենսական դերակատարութեան համար։ «Նման քայլերը տարածքաշրջանի ժողովուրդները կը մօտեցնեն խաղաղ ապագայի, որուն անոնք արժանի են», ըսաւ Պլինքըն եւ կոչ ուղղեց՝ վերադարձնել բոլոր ձերբակալեալները։ Ըստ իրեն, Ուաշինկթըն պատրաստակամ է աջակցիլ տարածքաշրջանի երկիրներուն՝ համագործակցութիւնը շարունակելու եւ չլուծուած հարցերը կարգաւորելու ուղղեալ ջանքերուն մէջ։ «Մենք նաեւ կը յորդորենք, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան վերականգնեն առարկայական բանակցութիւնները՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ՝ հակամարտութեան համապարփակ քաղաքական լուծումը գտնելու համար», ըսաւ Պլինքըն։ 

ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէն ալ ողջունեց գերիներու ազատ արձակումը՝ բարձր գնահատելով Վրաստանի եւ ԱՄՆ-ի, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի կողմէ ներդրուած ջանքերը։ 

Թիֆլիզի ղեկավարութեան կողմէ ալ հրապարակումներ եղան այս կապացութեամբ։ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի եւ Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի ողջունեցին գերիներու ազատ արձակուիլը։ Ըստ Ղարիպաշվիլիի, սա յատուկ քայլ մըն է Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութեան միջավայրի բարելաւման ուղղութեամբ։ Իր կարգին, Տաւիտ Զալքալիանին ալ նշեց, որ վրացական կողմը վերջին երկու-երեք ամսուան ընթացքին աշխատանք տարած է Ուաշինկթընի, Երեւանի եւ Պաքուի հետ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ այս վերջինները որակելով Վրաստանի ռազմավարական գործընկերները։ 

Շարլ Միշելն ալ ընկերային ցանցերու միջոցաւ ողջունեց Երեւանի եւ Պաքուի փոխադարձ մարդասիրական շարժոյթները եւ ըսաւ, որ Եւրոմիութիւնը կը խրախուսէ այս գործընթացը։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ ողջունեց հայ գերիներու վերադարձը։ 

Իր կարգին Մանէ Գէորգեանն ալ շեշտեց, որ Հայաստանի կառավարութեան համար առաջնահերթ նշանակութիւն ունի Ատրպէյճանի մէջ պահուած իր բոլոր քաղաքացիներու վերադարձը։ Ան վերահաստատեց հայկական կողմի յանձնառութիւնը՝ միջազգային բոլոր գործընկերներու օժանդակութեամբ շարունակել մարդասիրական բնոյթով այս գործընթացը եւ շինիչ քայլերու իրականացումը։ Բանբերը նաեւ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին, ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընին, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնին, ինչպէս նաեւ Շարլ Միշելին՝ տարածքաշրջանէ ներս մարդասիրական բնոյթով, մանաւանդ հայ գերիներու վերադարձի ուղղութեամբ գործադ-րըւող բոլոր ջանքերուն համար։ Գէորգեան ընդգծեց նաեւ Վրաստանի կառավարութեան համար շնորհակալութիւնները։ 

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ եթէ Հայաստան խաղաղութիւն կը ցանկանայ, ապա պէտք է սահմանազատման շուրջ բանակցութիւններու սկսի իր երկրի մէջ։ Իր խօսքով՝ եթէ այդ բանը չըլլայ, ապա հայկական կողմը պիտի զղջայ։ Ան պնդեց, որ Երեւան կը մերժէ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու վերաբերեալ Պաքուի առաջարկը։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 14, 2021