Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
Ճ. ՈՒՈՐԼԻՔԻ ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՅՑԸ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք երէկ շփումներ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մոսկուա մեկնելէ առաջ Ճէյմս Ուորլիք ըսաւ. «Այսօր ես կը մեկնիմ Մոսկուա եւ անհամբերութեամբ կը սպասեմ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին խորհրդակցութիւններուն»։
Ամերիկացի դիւանագէտը աւելցուց, որ իրենք միասին կ՚աշխատին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան համար։
Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015