ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԱՅՑ՝ ՄՈՍԿՈՒԱ
Թուրքիա-Ռուսաստան ձիւնահալի մթնոլորտին մէջ, Մոսկուայի հրաւէրին ընդառաջ Անգարայի կողմէ պատուիրակութիւն մը այսօր շփումներ կ՚ունենայ՝ երկկողմանի համագործակցութիւնը բնականոն հունին վերադարձնելու առաջադրութեամբ։ Մոսկուա մեկնած պատուիրակութիւնը կը գլխաւորուի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչին կողմէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան, Ներքին գործոց եւ Հաղորդակցութեան նախարարութիւններուն ներկայացուցիչները, որոնք իրենց ռուս պաշտօնակիցներուն հետ կ՚ունենան հանդիպում մը։ Պաշտօնատարներուն միացած են նաեւ մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներ։
Կը հաղորդուի, որ քննարկումներու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան երկու երկիրներու միջեւ չարթըր թռիչքներու վերսկսման ուղղութեամբ պատրաստութիւնները, զբօսաշրջիկներու անվտանգութեան համար ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցները։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի կ՚ունենան զբօսաշրջութեան բնագաւառէն ներս համագործակցութեան նոր գետիններու որոնման կապակցութեամբ։