ԱՆԳԼԻՈՅ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

Անգ­լիոյ Է­լի­զա­պէթ Բ. թա­գու­հին երկ­րի նոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կազ­մե­լու պաշ­տօ­նը յանձ­նեց Պահ­պա­նո­ղա­կան կու­սակ­ցու­թեան նո­րըն­տիր ա­ռաջ­նորդ Թե­րե­զա Մէ­յին։ Այս վեր­ջի­նը դար­ձած է Մարկ­րիթ Թե­չը­րէ քսան­հինգ տա­րի վերջ անգ­լիոյ վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նը ստանձ­նած ի­գա­կան սե­ռէ ա­ռա­ջին գոր­ծի­չը։

Եւ­րո­միու­թե­նէն դուրս գա­լու հա­մար Անգ­լիոյ մէջ կազ­մա­կեր­պուած հան­րա­քուէի ար­դիւն­քին լոյ­սին տակ նախ­կին վար­չա­պետ Տէյ­վիտ Քեմ­րըն ո­րո­շած էր հրա­ժա­րիլ իր պաշ­տօ­նէն։ Պա­քին­կըմ պա­լա­տին մէջ Է­լի­զա­պէթ Բ. թա­գու­հին ե­րէկ Թե­րե­զա Մէ­յը նշա­նա­կեց որ­պէս ա­նոր յա­ջոր­դը։

Լոն­տո­նի Տաու­նինկ փո­ղո­ցի թիւ 10 շէն­քին՝ Անգ­լիոյ վար­չա­պե­տա­րա­նին առ­ջեւ Թե­րե­զա Մէյ ե­րէկ ար­դէն հան­դէս ե­կաւ իր ա­ռա­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։

Թե­րե­զա Մէյ ար­դէն ճշդած է իր կա­ռա­վա­րու­թեան հիմ­նա­կան նա­խա­րար­նե­րը, ո­րոնց բո­լորն ալ կողմ­նա­կից­ներ են Անգ­լիոյ Եւ­րո­միու­թե­նէն դուրս գա­լուն։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սար-գըսեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Թերեզա Մէյին։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016