ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հայկական երաժշտական աշխարհի արդի յայտնի խումբերէն մին՝ «Զուլալ» աքափելլա եռեակը ներկայիս կ՚այցելէ Հայաստան։ Այս շաբաթավերջին «Զուլալ» ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ Երեւանի մէջ, Սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ։ Սա պիտի ըլլայ այս եռեակին առաջին համերգը Հայաստանի մէջ։ Խումբը պիտի մեկնաբանէ հայկական ժողովրդական երաժշտութենէն գործեր՝ նոր եւ ինքնատիպ մատուցմամբ։
«Զուլալ» կը բաղկանայ երեք երգչուհիներէ՝ Թենի Աբէլեան, Երազ Մարգարեան եւ Անայիս Թեքերեան։ Այս վերջինները սկսած են միասին երգել 2002 թուականէն ի վեր։ Անոնք աքափելլայով, այսինքն առանց նուագարաններու, միայն ոքալով կը մեկնաբանեն հայկական ժողովրդական երգերը։
Ի շարունակութիւն իր արձանագրած յաջողութիւններուն՝ «Զուլալ» այս տարի թողարկած է իր երրորդ ձայնասկաւառակը։ «Եօթ աղբիւր» կը կոչուի այս ալպոմը, որու մէջ տեղ գտած են հայկական ժողովրդական գործեր՝ նոր մեկնաբանութեամբ ու կատարումով։
«Զուլալ» եռեակը ցարդ ելոյթներ ունեցած է ամերիկեան բազմաթիւ յայտնի համերգասրահներու մէջ. օրինակ՝ «Կեթի» թանգարան, «Գառնեկի հոլ», Քենետիի կեդրոնի «Միլենիում» բեմը, «Պըրքլի» երաժշտական կեդրոնը, Նիւ Եորքի «Սիմֆոնի Սփէյս»ը։ Եռեակը համերգներով հանդէս եկած է նաեւ ԱՄՆ-էն դուրս։
Շաբաթավերջի համերգին ընդառաջ «Զուլալ»ի երգչուհիները երէկ հիւրընկալուեցան Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնին մէջ։ Երիտասարդներու եւ երաժշտասէրներու ներկայութեամբ անոնք մասնակցեցան ասուլիսի մը, որ անցաւ հաճելի մթնոլորտի մէջ։