ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՕՂԱԿ

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ յայ­տա­րա­րեց, որ Իս­րա­յէ­լէն եւ Ռու­սաս­տա­նէն վերջ Թուր­քիա կը ջա­նայ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նո­նաց­նել նաեւ Սու­րիոյ հետ։

Ե­րէկ, մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան նա­հան­գա­յին մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն 110-րդ ընդ­լայ­նուած կազ­մով ժո­ղո­վը։ Վար­չա­պե­տը այս առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ ծա­ւա­լուն ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ երկ­րի ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ կա­րե­ւոր հար­ցե­րու։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիա-Իս­րա­յէլ եւ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ան ա­ւել­ցուց, թէ երկ­րին շուրջ բա­րե­կա­մա­կան օ­ղա­կը պի­տի ընդ­լայ­նուի։ Սա է կա­ռա­վա­րու­թեան նպա­տա­կը։ «Թէ՛ երկ­րէն ներս եւ թէ երկ­րէն դուրս պի­տի ընդ­լայ­նենք բա­րե­կա­մու­թեան օ­ղա­կը։ Դուր­սը սկսած ենք ը­նել այս բա­նը։ Իս­րա­յէ­լի եւ Ռու­սաս­տա­նի հետ բնա­կա­նո­նա­ցու­ցինք մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Բայց վստահ եմ, որ մենք Սու­րիոյ հետ ալ պի­տի վե­րա­հաս­տա­տենք բնա­կա­նոն յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։ Այս բա­նին կա­րիքն ու­նինք։ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի կա­յու­նու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­մը անհ­րա­ժեշտ է՝ որ­պէս­զի ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րը պսա­կուի յա­ջո­ղու­թեամբ», ը­սաւ Եըլ­տը­րըմ։

Վար­չա­պետ Եըլ­տը­րըմ Սու­րիոյ հար­ցին անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ «Պի.Պի.Սի.»ին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ։ Ան յայտ­նեց, որ Սու­րիոյ մէջ պէտք է բան մը փո­խուի, բայց եւ այն­պէս ա­մէն ին­չէ ա­ռաջ պէտք է փո­խուի Պե­շար Է­սա­տը։ Ա­ռանց Է­սա­տի փո­փո­խու­թեան Թուր­քիոյ կող­մէ բան մը չի փո­խուիր։ Եըլ­տը­րը­մի խօս­քե­րով՝ Է­սա­տի կամ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ի (Ի­ՇԻՊ) նա­խընտ­րու­թիւ­նը ան­կա­րե­լի է։ Եր­կուքն ալ պէտք է եր­թան։ Որ­քան ա­տեն որ Է­սատ պի­տի մնայ այն­տեղ՝ խնդի­րը պի­տի չլու­ծուի։ Ե­թէ Ի­ՇԻՊ մեկ­նի, ա­պա ի յայտ պի­տի գայ ա­հա­բեկ­չա­կան ու­րիշ կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը։

ՔԸ­ԼԸՉ­ՏԱ­ՐՕՂ­ԼՈ­ՒԻՆ ՔՆՆԱ­ԴԱ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ

Միւս կող­մէ, Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ քննա­դա­տեց գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուն։ Իր խօս­քե­րով, ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցա­պե­տը դժբախ­տա­բար կը նուա­գէ «Գրի­գո­րի փքա­փո­ղը (կայ­տա)»։

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016