ԺԱԳԼԻՆ ՊԻՍԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ե­րե­ւա­նի մէջ կը շա­րու­նա­կուի «Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին 13-րդ փա­ռա­տօ­նը, որ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նայ շար­ժան­կա­րի աշ­խար­հին կող­մէ։ Փա­ռա­տօ­նի այս տա­րուան պա­տուոյ հիւրն է անգ­լիա­ցի դե­րա­սա­նու­հի Ժագ­լին Պի­սէ, որ եւս ար­դէն ժա­մա­նած է Ե­րե­ւան։ «Մոս­կուա» շար­ժան­կա­րի դահ­լի­ճին մէջ ան ե­րէկ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցաւ՝ «Ոս­կէ ծի­րան»ի հիմ­նա­դիր-նա­խա­գահ Յա­րու­թիւն Խա­չատ­րեա­նի հետ։ Ժագ­լին Պի­սէ շրջայց մըն ալ կա­տա­րեց Շարլ Ազ­նա­ւու­րի հրա­պա­րա­կին վրայ ար­ժա­նա­նա­լով բո­լո­րի հա­մակ­րան­քին։

Մինչ այդ, Ժագլին Պիսէ այս առաւօտ մամ-լոյ ասուլիս մը սարքեց Հայկական բարեգոր-ծական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հա-յաստանի մասնաճիւղի Երեւանի կեդրոնին մէջ։

«Ե­ՂԻ­ՑԻ ԼՈՅՍ»

Միւս կող­մէ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ սահ­մա­նուած «Ե­ղի­ցի լոյս» մրցա­նակն ալ ե­րէկ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը յանձ­նուե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։ «Ոս­կէ ծի­րան» փա­ռա­տօ­նին առ­թիւ, ա­նոր շրջագ­ծով կը յանձ­նուի այս մրցա­նա­կը։ Նման զու­գա­հեռ կար­գադ­րու­թեամբ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րուած է լաւ նա­խըն­թաց մը։ Այս տա­րուան մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան հան­դի­սու­թիւ­նը ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան, Հո­գե­ւոր-կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­տե­սուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեան եւ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի տե­սուչ Տ. Գա­րե­գին Վրդ. Համ­բար­ձու­մեան։ Ներ­կայ էր նաեւ «Ոս­կէ ծի­րան»ի այս տա­րուան դա­տա­կազ­մին նա­խա­գա­հը՝ հռչա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ Տիգ­րան Ման­սու­րեան։

«Ե­ղի­ցի լոյս» մրցա­նա­կը այս տա­րի շնոր­հուե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի տա­ղան­դա­շատ զա­ւակ­նե­րէն մէ­կուն՝ շար­ժան­կա­րի բե­մադ­րիչ՝ Ռո­ման Բա­լա­յեա­նին։ Ցե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեան ըն­թեր­ցեց վկա­յա­գի­րը եւ ծա­փող­ջոյն­նե­րու ներ­քեւ մրցա­նա­կը յանձ­նեց մե­ծա­րեա­լին, որ իր շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քին մէջ նշեց, թէ մե­ծա­գոյն պա­տիւ կը հա­մա­րէ մրցա­նա­կի մը ար­ժա­նա­նալ՝ այդ սուրբ վայ­րին մէջ։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016