ՆԱԹՕ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ՄԻՇՏ ՏԱՐԱԿԱՐԾԻՔ

Պրիւք­սե­լի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՆԱ­ԹՕ-Ռու­սաս­տան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը։ Հարկ է նշել, որ 2002 թուա­կա­նին ստեղ­ծուած էր այս խոր­հուր­դը, սա­կայն 2014 թուա­կա­նէն ի վեր ա­նոր աշ­խա­տան­քը ընդ­հա­տուած էր՝ Խրի­մի՝ Ռու­սաս­տա­նին կցուե­լուն հե­տե­ւան­քով։

ՆԱ­ԹՕ-Ռու­սաս­տան խոր­հուր­դի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վէն վերջ դա­շին­քի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Ան տե­ղե­կա­ցուց, թէ կող­մե­րը կը շա­րու­նա­կեն տա­րա­կար­ծիք մնալ Ուք­րայ­նոյ հար­ցին շուրջ։ Ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին կա­րե­լի չէ ե­ղած մօ­տեց­նել ա­նոնց դիր­քո­րո­շում­նե­րը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Սթոլ­թեն­պերկ մատ­նան­շեց, թէ ՆԱ­ԹՕ խո­րու­թեամբ պի­տի ու­սում­նա­սի­րէ Պալ­թեան ծո­վու տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս օ­դա­յին անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման վե­րա­բե­րեալ Մոս­կուա­յի կող­մէ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուած ա­ռա­ջարկ­նե­րը։

Վեր­ջերս Վար­շա­ւիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ՆԱ­ԹՕ-ի խորհր­դա­ժո­ղո­վը ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին կը հա­մա­րուի Ռու­սաս­տա­նի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի նոր շրջա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ խնդիր­նե­րու շուրջ մէկ կող­մէ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն կ՚ըն­թա­նայ Ա­րեւ­մուտ­քի եւ Մոս­կուա­յի մի­ջեւ, իսկ միւս կող­մէ այլ ա­ռանցք­նե­րու շուրջ ա­նոնք չեն կրնար յաղ­թա­հա­րել ի­րենց տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը. այն աս­տի­ճան, որ ռու­սա­կան կող­մին դէմ սահ­մա­նուած մի­ջազ­գա­յին պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը կ՚եր­կա­րաձ­գուին։ ՆԱ­ԹՕ թէեւ յստա­կօ­րէն կ՚ընդգ­ծէ, որ կողմ­նա­կից չէ նոր Պաղ պա­տե­րազ­մի մը։ Բայց եւ այն­պէս, Ռու­սաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ եր­կիր­նե­րուն մէջ դա­շին­քը կը հաս­տա­տէ հա­կահր­թի­ռա­յին վա­հա­նակ­ներ, ինչ որ խո­րա­պէս կ՚ան­հանգս­տաց­նէ Մոս­կուան։ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա վեր­ջերս յայ­տա­րա­րած էր, որ ՆԱ­ԹՕ դի­տում­նա­ւոր ձե­ւով նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­ներ ձեռք կ՚առ­նէ՝ գո­յու­թիւն չու­նե­ցող սպառ­նա­լի­քի մը դէմ։ Նախ­կին Խորհր­դա­յին միու­թեան վեր­ջին ղե­կա­վա­րը՝ Մի­խա­յէլ Կոր­պա­չովն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն յայ­տա­րա­րեց, թէ ՆԱ­ԹՕ-ի կող­մէ առ­նուած քայ­լե­րը կը հա­մա­րուին պա­տե­րազ­մի պատ­րաս­տու­թիւն

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016