ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Գոց շուկայի մէջ սկիզբ առած է վերանորոգութեան լայնածաւալ աշխատանքներու ծրագիր մը։ Երէկ արդէն այդ գործընթացին պաշտօնական մեկնարկը տրուեցաւ։ Ֆաթիհի քաղաքապետութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ 554 տարուան հնութեամբ Գոց շուկան ամէն տարի կը հիւրընկալէ շուրջ 92 միլիոն այցելու։ Գոց շուկայի վերանորոգութեան աշխատանքները առաջին հերթին պիտի սկսին տանիքէն։ Երկար տարիներ տեւած նախապատրաստական աշխատանքներէն վերջ Գոց շուկայի տանիքի բարենորոգութիւնը կ՚իրականացուի Ֆաթիհի քաղաքապետարանին աջակցութեամբ։
Պատմական այս եզակի կառոյցի տանիքին առաջին աղիւսը զետեղուեցաւ Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տեմիրի կողմէ։
Ինչպէս ծանօթ է, Գոց շուկան այն պատմական միջավայրերէն է, որ դարեր շարունակ Իսթանպուլի առեւտուրին զարկերակը համարուած է։ Այնտեղ վաղուց լուրջ ներկայութիւն մը ունեցած են նաեւ հայերը, մասնաւորապէս հայ ժողովուրդին հետ նոյնացած արհեստներու վարպետներ։