ՆՈՐ ԽԱՂԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան արդէն պատրաստութիւններու ձեռնարկած է՝ Անգլիոյ «Փրէօմիէր լիկ»ին մէջ հանդէս գալու համար։ Գերմանիոյ «Պորուսիա տորտմունտ» ակումբի մասնաշապիկով Պունտեսլիկայի մէջ լուրջ յաջողութիւն արձանագրելէ վերջ՝ Հենրիխ Մխիթարեան վերջերս փոխանցուեցաւ անգլիական «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբին։ Երէկ, ան իր նոր խումբի խաղընկերներուն հետ իրականացուց առաջին պարապմունքը։ Ակումբի աղբիւրները պաշտօնապէս ալ տեղեկացուցին, թէ Հենրիխ Մխիթարեան սկսած է մարզուիլ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կազմին հետ, աւագ մարզիչ Խոսէ Մորինիոյի մականին ներքեւ։
Հայաստանի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան աստղաբաշխային ներդրումով մը «Պորուսիա տորտմունտ»էն անցած է «Մենչըսթըր Եունայթըտ»։ Ան ներկայիս նոր մրցանիշ մըն ալ սահմանած է՝ դառնալով նախկին խորհրդային տարածքի ամենաբարձր գինով ֆութպոլէօրը, որ հանդէս կու գայ Արեւմուտքի մէջ։ Այդ մրցանիշը նախապէս կը պատկանէր Ուքրայնայէն Անտրէյ Շեւչենքոյին, որ երկար տարիներ հանդէս եկած էր Իտալիոյ Միլանի կազմին մէջ։