ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Յայտ­նի լրագ­րող, գրող, լու­սան­կա­րիչ ու ճա­նա­պար­հորդ Ճոն Մա­լաթ­րո­նաս, որ կ՚ապ­րի Լոն­տո­նի մէջ, պար­բե­րա­բար կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ շատ յատ­կան­շա­կան շրջա­գա­յու­թիւն­ներ։ Ան ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ կը շրջի մաս­նա­կիօ­րէն եւ ար­դիւն­քին տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը գրի կ՚առ­նէ CNN Travel-ի մէջ։ Ցարդ տասն­հինգ գիր­քեր հե­ղի­նա­կած Ճոն Մա­լաթ­րո­նաս վեր­ջին դի­տար­կում­նե­րը նուի­րած է գի­նիին։ Այս առ­թիւ յայտ­նի հե­ղի­նա­կը գի­նե­գոր­ծա­կան ա­մե­նա­հին եր­կիր­նե­րու ցան­կին մէջ ընդգր­կած է նաեւ Հա­յաս­տա­նը։

Ի­տա­լա­ցի­նե­րը կ՚ը­սեն, որ ա­ռանց գի­նիի սնուն­դը կը նմա­նի ա­ռանց ա­րե­ւու օ­րուան։ Ճոն Մա­լաթ­րո­նաս կազ­մած է աշ­խար­հի գի­նիի քար­տէ­սին նման բան մը, ուր նե­րառ­նուած են աս­տուա­ծա­յին ընմ­պե­լիին վե­րա­բե­րեալ տասն­հինգ քա­ղաք­ներ կամ եր­կիր­ներ եւ ան պար­տա­դիր կը հա­մա­րէ այդ վայ­րե­րը այ­ցե­լե­լը։ Սոյն ցու­ցա­կին վրայ հե­ղի­նա­կը մաս­նա­ւոր տեղ մը յատ­կա­ցու­ցած է Հա­յաս­տա­նին։ Ֆրան­սա­յի Պոր­տո­յէն սկսեալ մին­չեւ Յու­նաս­տա­նի Սան­թո­րի­նին՝ գի­նի­նե­րու գո­վա­բա­նու­թիւ­նը ը­նե­լէ վերջ հե­ղի­նա­կը մատ­նան­շած է նաեւ հայ­կա­կան գի­նի­նե­րու մա­սին իր դի­տար­կու­մը։ «Վա­յոց ձոր. Հա­յաս­տան։ Ինչ­պէս յայտ­նի է Աս­տուա­ծա­շուն­չէն, Հա­յաս­տան աշ­խար­հի ա­ռա­ջին եր­կիրն է, ուր սկսած է գի­նիի ար­տադ­րու­թիւ­նը, ո­րո­վե­հե­տեւ ջրհե­հե­ղէն վերջ Նոյ խա­ղո­ղի ա­ռա­ջին որ­թա­տուն­կը տնկած է Ա­րա­րատ լե­րան վրայ։ Հնա­գէտ­նե­րը կը հաս­տա­տեն, որ այն­տեղ յայտ­նա­բե­րած են գի­նիի ար­տադ­րու­թիւն, որ են­թադ­րա­բար սկսած է շուրջ վեց հա­զար տա­րի ա­ռաջ։ «Ա­րե­նի» գի­նիի ար­տադ­րու­թիւ­նը դա­րե­րով չէ փո­խուած։ Վա­յոց ձո­րի շրջա­նը Ե­րե­ւա­նին ա­մե­նա­մօտն է, ուր մենք խոր­հուրդ կու տանք այ­ցե­լել» մատ­նան­շած է հե­ղի­նա­կը։

CNN Travel-ի մէջ Հա­յաս­տա­նի Վա­յոց ձո­րի մար­զը այս­պէ­սով ընդգր­կուած է գի­նիի զբօ­սաշր­ջու­թեան տասն­հինգ եր­թու­ղի­նե­րու շար­քին։ Ըստ Աս­տուա­ծա­շուն­չի, Հա­յաս­տան աշ­խար­հի վրայ գի­նե­գոր­ծու­թեան ա­ռա­ջին կեդ­րոնն է, ո­րով­հե­տեւ Նոյ ջրհե­ղե­ղէն վերջ ա­ռա­ջին որ­թա­տուն­կը հաս­ցու­ցած է Ա­րա­րա­տի լան­ջին։ Հնա­գէտ­նե­րը հա­մա­ձայն են, որ 6100 տա­րուան վա­ղե­մու­թիւն մը ու­նի Հա­յաս­տա­նի մէջ գի­նե­գոր­ծու­թիւ­նը։ Ա­րե­նիի խա­ղո­ղի տե­սա­կը դա­րե­րէ ի վեր կը մնայ ան­փո­փոխ՝ դի­մա­նա­լով հի­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոր հաստ մաշ­կը խա­ղո­ղը կը պաշտ­պա­նէ սառ­նա­մա­նի­քէ։ Վա­յոց ձո­րի մէջ տա­րուան ե­րեք հա­րիւր օ­րը կ՚ըլ­լայ ա­րե­ւոտ։ Վա­յոց ձո­րի այ­ցե­լու­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը կը գրա­ւէ Ա­րե­նիի կար­միր գի­նին։

Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն գի­նե­գոր­ծա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րու շար­քին մաս կազ­մե­լը ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ հա­մա­նուն հե­ռուս­տա­կա­յա­նին մօտ։  

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016